Հայաստանի կողմէ հետախուզուող Ատրպէյճանի քաղաքացի Քամիլ Զեյնալին, որ նախօրէին ձերբակալուած էր Մոսկուայի «Տոմոտետովօ» օդակայանին մէջ, ազատ արձակուած է: Այս մասին յայտնած է ԱՊԱ գործակալութիւնը։
Լրատուամիջոցին փոխանցմամբ՝ ատրպէյճանցին պիտի վերադառնայ Պաքու։
Ռուսիոյ պաշտօնական աղբիւրները չեն մեկնաբանած ատրպէյճանցիին ազատ արձակման մասին տեղեկութիւնը:
Հայաստանի Ներքին գործերու նախարարութեան խօսնակ Նարեկ Սարգսեանը աւելի վաղ «Ազատութեան» փոխանցած էր, որ նշուած անձին նկատմամբ սպանութեան մեղադրանքով միջազգային հետախուզում յայտարարուած է։ «Ազատութեան» տուեալներով՝ ատրպէյճանցի տղամարդը կը մեղադրուի 2020-ի պատերազմի ժամանակ Հատրութի երկու բնակիչներու սպանութեան համար։