Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վահան Քերոբեանի Նկատմամբ Կիրառուեցաւ Տնային Կալանք

Վահան Քերոբեանի Նկատմամբ Կիրառուեցաւ Տնային Կալանք

by MassisPost

Հակափտածութեան դատարանը հրապարակեց տնտեսութեան նախկին նախարար Վահան Քերոբեանի խափանման միջոցի հարցով որոշումը:

Դատարանը բաւարարեց տնտեսութեան արդէն նախկին նախարար Վահան Քերոբեանի նկատմամբ երկու ամիս ժամկէտով տնային կալանք նշանակելու միջնորդութիւնը։

Միաժամանակ՝ Քերոբեանին արգիլուեցաւ իր բնակարանին մէջ հիւրընկալել եւ շփում ունենալ այլ անձերու հետ։ Արգիուեցաւ նաեւ օգտագործել հեռախօս, ունենալ նամակագրութիւն եւ այլն։

Դատարանի դահլիճին մէջ լրագրողներու հարցումներուն ի պատասխան Վահան Քերոբեան ըսաւ, որ խափանման միջոցի որոշումը պիտի բողոքարկուի։

Աւելի վաղ, Քննչական Կոմիտէն յայտնած էր, որ տնտեսութեան նախկին նախարարին նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցուած է Հայաստանի Տնտեսութեան նախարարութեան կարիքներուն համար ծառայութեան ձեռքբերման մրցոյթի ընթացքին առերեւոյթ չարաշահումներու վերաբերեալ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment