Հայ ժողովուրդը բոլորեց տարի մը եւս, որուն ընթացքին ան ապրեցաւ իր պատմութեան ամէնէն ծանր եւ ճակատագրական ժամանակաշրջաններէն մին: Ամիսներ շարունակ շրջափակման տակ գտնուող Արցախը յարձակման ենթարկուեցաւ եւ հայաթափուեցաւ՝ համաշխարհային ընտանիքի լուռ ու մեղսակից հայեացքին ներքոյ, առանց իսկ դոյզն միջամտութեան կամ կանխման փորձի: Իսկ այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան հողային ամբողջականութիւնը եւ սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը դարձած են մեր առջեւ ծառացած գլխաւոր մարտահրաւէրը:
Այստեղ գնահատանքով կ’ուզենք արձանագրել բռնի տեղահանուած արցախահայ մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն ցուցաբերուած պետական օժանդակութիւնը, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ արդիւնաւէտ կերպով ապաստան եւ անհրաժեշտ միջոցներ ապահովել անոնց, հակառակ բռնագաղթածներու անսպասելի մեծ հոսքին: Յատուկ գնահատանքի արժանի է նաեւ Հայաստանի քաղաքացին, որ սրտբաց եւ ջերմութեամբ ընդունեց եւ աջակցեցաւ իր հայրենակիցներուն: Անշուշտ կասկածէ վեր է, որ տեղահանուած մեր քոյրերն ու եղբայրները սոսկ պետական օժանդակութեան պէտք չէ ապաւինին, այլ համայն հայութիւնը պէտք է շարունակէ նեցուկ կանգնիլ անոնց՝ նիւթապէս ու բարոյապէս:
Անցնող տարուան իրադարձութիւնները եկան վերջնականապէս ցոյց տալու նաեւ, որ այն պաշտպանութեան համակարգը, որուն ապաւինած էինք տասնամեակներէ ի վեր, գոյութիւն ունէր միայն թուղթի վրայ՝ անյետաձգելի դարձնելով երկրին անվտանգութիւնը սեփական նախաձեռնութեամբ եւ ուժերով ապահովելու հրամայականը:
Վերջին ամիսներուն ժողովրդավար Հայաստանի նկատմամբ ցուցաբերուող միջազգային հետաքրքրութիւնը եւ ռազմական օժանդակութիւն տրամադրելու պատրաստակամութիւնը կու գան հաստատելու այն փաստը, որ հայրենի կառավարութեան վարած բազմաբեւեռ արտաքին քաղաքականութիւնը սկսած է տալ իր դրական արդիւնքները: Նոր դաշնակիցներ կու գան լեցնելու այն բացը, որ 2020-էն ասդին ստեղծուած է Հայաստանի պաշտպանական համակարգէն ներս:
Դժուարութիւններու կողքին, ականատես կը դառնանք նաեւ դրական երեւոյթներու: Հայաստանի տնտեսութեան մէջ արձանագրուող յաջողութիւնները կը յուսադրեն մեզ: Շնորհիւ փտածութեան, մենաշնորհներու եւ ստուերային տնտեսութեան դէմ մղուող պայքարին՝ պետական պիւտճէն տարուէ-տարի կ’ուռճանայ, հնարաւոր դարձնելով ոչ միայն Հայաստանի քաղաքացիներու կենսամակարդակի բարելաւման ծրագրերը, այլեւ հայոց բանակը արդիական սպառազինութեամբ օժտելու յոյժ կարեւոր գործը:
Միւս կողմէ, Միջին Արեւելքի հայութեան վիճակը կը շարունակէ մնալ անմխիթար՝ տարածաշրջանէն ներս տնտեսական ու քաղաքական ծանր եւ անկայուն պայմաններու լոյսին տակ: Անյուսալի եւ անորոշ այս վիճակը կը ստիպէ շատերը բռնելու արտագաղթի ճամբան՝ յաճախ յայտնուելով օտար ափեր: Մեր մաղթանքն է, որ անոնք իրենց հայեացքը ուղղեն դէպի հայրենիք, եւ այդ առումով կը կարեւորենք շուտափոյթ կերպով համապարփակ ներգաղթի ծրագիր մը կեանքի կոչելու ամհրաժեշտութիւնը:
Նոր տարին կը թեւակոխենք լաւատեսութեամբ, մանաւանդ ի տես 32 հայ ռազմագերիներու տուն վերադարձի բերկրալի փաստին, եւ կը յուսանք, որ 2024-ը իսկապէս դառնայ խաղաղութեան տարի:
Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի տօներուն առիթով մեր հայրենիքին կը մաղթենք յարատեւ բարեբերութիւն ու վերելք, իսկ մեր հայրենակիցներուն՝ առողջութիւն, երջանկութիւն եւ նորանոր յաջողութիւններ:
ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութիւն
01/01/2024