ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւնը ողջունած է Երեւանի ու Պաքուի համատեղ յայտարարութիւնը «երկու ատրպէյճանցի եւ երեսուներկու հայ կալանաւորներու ազատ արձակման մասին»: Ուաշինկթըն շեշտած է, որ պիտի շարունակէ հետեւողականօրէն աջակցիլ «տեւական եւ արժանապատիւ խաղաղութեան հասնելու ջանքերուն»։
Պետական Քարտուղարութեան յայտարարութեան մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է.
«Միացեալ Նահանգները կ’ողջունէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յայտարարութիւնը երկու ատրպէյճանցի եւ երեսուներկու հայ կալանաւորներու ազատ արձակման մասին: Այս յանձնառութիւնը վստահութեան ամրապնդման կարեւոր միջոց է, քանի որ կողմերը կ’աշխատին խաղաղութեան համաձայնագրի աւարտի եւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ: Մենք կ’ողջունենք Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւը եւ Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանը Հարաւային Կովկասի ժողովուրդին համար աւելի խաղաղ եւ բարգաւաճ ապագայի հիմքեր ստեղծելու համատեղ ջանքերուն համար։
Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակէ խստօրէն աջակցիլ տեւական եւ արժանապատիւ խաղաղութեան հասնելու ջանքերուն», նշած է ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւնը իր յայտարարութեան մէջ: