2018-ի յեղափոխութիւնը իրականացուցած ժողովուրդին ամենամեծ ակնկալիքները՝ արդարութիւնն ու փտածութեան վերացումը, լիարժէք իրականացուած չեն. Ազգային Ժողովին մէջ, 2024-ի պիւտճէի նախագիծի քննարկման ժամանակ, յայտնեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։
Ընդգծելով, որ յեղափոխութենէն յետոյ շատերը կ’ակնկալէին, որ տեղի պիտի ունենայ յեղափոխական արդարադատութիւն՝ հրապարակներուն վրայ դատավճիռներ պիտի կայացուին եւ իրականացուին՝ այն, ինչ ֆրանսական յեղափոխութեան ժամանակ կ’անուանէին տեռոր, Փաշինեան շեշտեց՝ Երեւանը չգնաց այդ ճանապարհով, քանի որ «ոչ թէ հոկտեմբերեան սոցիալիստական յեղափոխութիւն» ըրած էին, այլ «սիրոյ եւ համերաշխութեան յեղափոխութիւն», եւ խոստացած էին, որ «Հայաստանի մէջ վրէժխնդրութիւններ պիտի չըլլան»։
Վարչապետին խօսքով՝ Հայաստանի մէջ արդարադատութիւնը կ’որոշուի արդարադատութիւն իրականացնելու եւ հաստատելու իրաւասութիւն ունեցող հիմնարկներուն մէջ, որոնք կը գործեն օրէնքի ու Սահմանադրութեան հիման վրայ։
Գործադիրի ղեկավարը յայտնեց՝ քննչական մարմիններն ու դատախազութիւնը հանրութեան հաշուետու ըլլալով պէտք է հենուին ոչ թէ այն վիճակագրութեան վրայ, թէ քանի գործ յարուցուած կամ ուղարկուած է դատարան, այլ՝ քանի գործով դատավճիռ կայացուած է։
«Օրինակ, աղմուկ-աղաղակով, դիմակ-հրազէնով կասկածեալների ձերբակալութիւնների տեսարանները եւ ապա այն փաստը, որ մի քանի օրից այդ նոյն կասկածեալներին մարդիկ տեսնում են սրճարաններում՝ սուրճ վայելելիս, իմացական աններդաշնակութիւն է առաջացնում հանրային գիտակցութեան մէջ», նշեց Փաշինեան՝ շեշտելով, որ վիճակագրութեան ընթացիկ մեթոտաբանութիւնը լաւ պատկերացում կու տայ շարժման մասին, բայց պատկերացում չի տար արդիւնքներուն մասին։