Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Խորհրդարանը Կը Քննարկէ 7,4 Միլիառ Տոլարի Ծախսեր Նախատեսող Պիւտճէի Նախագիծը

Հայաստանի Խորհրդարանը Կը Քննարկէ 7,4 Միլիառ Տոլարի Ծախսեր Նախատեսող Պիւտճէի Նախագիծը

by MassisPost

7,4 միլիառ տոլարի ծախսեր նախատեսող պիւտճէի նախագիծը արդէն խորհրդարանի նիստերու դահլիճին մէջ կը քննարկուի: Գալիք տարուան մէջ ամենաշատը գումարը Աշխատանքի եւ Ընկերային Հարցերու Նախարարութեան պիտի յատկացուի՝ 1,8 միլիառ տոլար, կը յաջորդէ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը՝ 2024-ին զինուած ուժերուն համար կը նախատեսուի 1,4 միլիառ տոլար ծախսել։ Բուն ռազմական կարիքներուն համար 635 միլիոն նախատեսած են, 700 միլիոնէն աւելին ալ պիտի ուղղուի տարբեր տեսակի շինութիւններու կառուցման։

Ծախսերու ծաւալով յաջորդը Կրթութեան Նախարարութիւնն է։ Իշխանութիւնները կը փափաքին յաջորդ տարի շեշտակի՝ 38 տոկոսով աւելցնել կրթութեան պիւտճէն, զայն դարձնելով 850 միլիոն տոլար։

2024-ի գլխաւոր ֆինանսական փաստաթուղթի վերաբերեալ պաշտօնեաները իրենց վերջնական մօտեցումները կը ներկայացնեն, ընդդիմադիրներն ալ՝ դիտողութիւններն ու քննադատութիւնները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment