Հայաստանի Ազգային Ժողովը պէտք է ուսումնասիրէ երկրին՝ Հռոմի Կանոնադրութեան միանալու հետեւանքները եւ գնահատէ անոր վտանգները Ռուսիոյ հետ դաշնակցային յարաբերութիւններուն համար։ Այդ մասին Ռուսիոյ Դաշնային Ժողովի եւ ՀՀ Ազգային Ժողովի միջեւ համագործակցութեան միջխորհրդարանական յանձնաժողովի նիստին ընթացքին յայտնած է Ռուսաստանի խորհրդարանի Վերին Պալատի՝ Դաշնութեան Խորհուրդի փոխնախագահ, համագործակցութեան միջխորհրդարանական յանձնաժողովի համանախագահ Եուրի Վորոպյովը։
Հայաստանի Սահմանադրական Դատարանը 2023 թուականի Մարտ 24-ի որոշմամբ նշած է, որ Հռոմի Կանոնադրութիւնը չի հակասեր երկրի Հիմնական օրէնքին։
«Ինչպէս կը հասկնանք, այդ կը նշանակէ, որ Հայաստանը կը ճանչնայ Լահէյի դատարանին իրաւասութիւնը անոր վարած բոլոր գործերուն առնչութեամբ: Մենք կ’ելլենք անկէ, որ մեր հայ գործընկերներուն այս քայլը հակառուսական ենթագիր չունի, բայց, այնուամենայնիւ, գործնականին մէջ այն էական վնաս կը հասցնէ ռուս-հայկական յարաբերութիւններուն: Մենք կոչ կ’ընենք մեր դաշնակիցներուն եւս մէկ անգամ ուշադիր դիտարկելու Հռոմի Կանոնադրութեան միանալու հետեւանքները եւ գնահատելու հնարաւոր վտանգները Ռուսաստանի հետ դաշնակցային յարաբերութիւններուն համար։ Այս պարագային կը դիմեմ խորհրդարանականներուն», ըսած է Վորոպյովը։ Անոր խօսքով՝ այժմ երկխօսութիւն կ’ընթանայ Ռուսաստանի եւ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարութիւններուն միջեւ։
Փետրուարին Լահէյի Միջազգային Քրէական Դատարանը Վլատիմիր Փութինը ձերբակալելու հրահանգ տուած է։ Միջազգային իրաւունքի մասնագէտները համոզուած են, որ Հռոմի Կանոնադրութեան միանալու պարագային Հայաստան ստիպուած պիտի ըլլայ ձերբակալել Ռուսիոյ նախագահը։