ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ` Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի, Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի եւ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի հետ բանակցութիւններ կատարած են Յունիս 1-ին` Քիշնեւի մէջ:
Հանդիպման արդիւնքներով Էլիզէի պալատը յայտարարութիւն տարածած է, որուն մէջ ասուած է.
«ՀՀ վարչապետը եւ Ատրպէյճանի նախագահը վերահաստատած են 2022 թուականի Հոկտեմբեր 6-ին Փրակի մէջ ձեւակերպուած իրենց պարտաւորութիւնները` Ալմայ Աթայի հռչակագրով որոշուած սահմաններու պահպանման վերաբերեալ: Անոնք վերահաստատած են Հայաստանի ու Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ յարգանքը:
Եւրոպական առաջնորդները Հայաստանին ու Ատրպէյճանին կոչ ըրած են պահպանելու իրենց բոլոր պարտաւորութիւնները, մասնաւորապէս` ռազմագերիներու շուտափոյթ ազատ արձակման վերաբերեալ: Անոնք նաեւ ընդգծած են Եւրոմիութեան դիտորդական առաքելութեան կարեւորութիւնը` ի նպաստ Հայաստանի:
Եւրոպական առաջնորդները նաեւ ընդգծած են ԼՂ հայերու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան երաշխիքներու ներդրման կարեւորութիւնը:
Ֆրանսայի նախագահը յատուկ ընդգծած է որեւէ թշնամական հռետորաբանութենէ հրաժարելու եւ ի նպաստ տարածաշրջանի ամբողջ բնակչութեան` խաղաղութեան վերականգնման ուղղութեամբ ջանքերու շարունակման կարեւորութիւնը»: