Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը հանդիպած է Ազգային Ժողովի պատգամաւորներուն հետ:
Նախագահը ներկայացուցած է Արցախի շուրջ ձեւաւորուած ռազմաքաղաքական վերջին զարգացումները, անդրադարձած է Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցային գործընթացին, խօսած է ստեղծուած իրավիճակին մէջ Գործադիր իշխանութեան քայլերուն մասին:
Նախագահ Յարութիւնեան պատասխանած է ներքին ու արտաքին հիմնախնդիրներուն վերաբերեալ պատգամաւորներու շուրջ երկու տասնեակ հարցումներոն:
Տեղի ունեցած է միտքերու փոխանակութիւն համատեղ ընելիքներու շուրջ: