Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պէտք Է Ձգտինք ԵԱՏՄ Անդամ Երկիրներու Զարգացման Միեւնոյն Բարձր Մակարդակին, Սակայն Հայաստանին Հասնիլը Դժուար Պիտի Ըլլայ․ Փութին

Պէտք Է Ձգտինք ԵԱՏՄ Անդամ Երկիրներու Զարգացման Միեւնոյն Բարձր Մակարդակին, Սակայն Հայաստանին Հասնիլը Դժուար Պիտի Ըլլայ․ Փութին

by MassisPost

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնած է, որ հարկաւոր է ձգտիլ անոր, որ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան անդամ երկիրները հասնին զարգացման միեւնոյն բարձր մակարդակին: Միեւնոյն ժամանակ, Փութին եւս մէկ անգամ անդրադարձած է Հայաստանի ՀՆԱ-ի աճի կշռոյթներուն` ընդգծելով, որ Հայաստանին հասնիլը դժուար պիտի ըլլայ:

«Մենք համատեղ կը ձգտինք, որ մեր միութեան շրջանակներուն մէջ հասնինք զարգացման միեւնոյն բարձր մակարդակին: Ի հարկէ, մեզի համար դժուար պիտի ըլլայ հասնիլ Հայաստանին, այսօր մենք արձանագրած ենք, որ ՀՆԱ-ի աճը այնտեղ կազմած է 12 տոկոսէն աւելի: Սա շատ բարձր եւ լուրջ ցուցանիշ է», ըսած է Ռուսիոյ նախագահը:

Անոր խօսքով` հարկաւոր է այնպէս ընել, որ բոլոր 5 երկիրներուն քաղաքացիները, որոնք աշխատելու, սորվելու կամ առեւտուրով զբաղելու նպատակով կ’այցելեն Միութեան անդամ այլ երկիր, իրենց յարմարաւէտ զգան` ինչպէս տան մէջ:

Փութինի խօսքով` անոր կարելի է հասնիլ միայն Միութեան ներսը ապրանքներու, ծառայութիւններու, ֆինանսներու եւ մարդկային դրամագլուխի ազատ տեղաշարժը 100 տոկոսով ապահովելու միջոցով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment