Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան Հրաժարած Է Մասնակցիլ ՀԱՊԿ-ի Պաշտպանութեան Նախարարներու Խորհուրդի Նիստին

Հայաստան Հրաժարած Է Մասնակցիլ ՀԱՊԿ-ի Պաշտպանութեան Նախարարներու Խորհուրդի Նիստին

by MassisPost

ՀԱՊԿ-ի հետ շարունակուող լարուածութեան լոյսին տակ պաշտօնական Երեւանը հրաժարած է ռազմական դաշինքի հերթական հաւաքին մասնակցելէ:

Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ նախարար Սուրէն Պապիկեանը Պելառուսիա չէ մեկնած` մասնակցելու ՀԱՊԿ-ի Պաշտպանութեան Նախարարներու Խորհուրդի նիստին: Ռազմական գերատեսչութենէն, սակայն, չեն յստակացուցա, թէ որն է պատճառը:

Ռուսիոյ, Ղազախիստանի, Ղրղըզիստանի, Տաճիկիստանի, Պելառուսիոյ պաշտպանութեան նախարարները նիստի ընթացքին Մինսքի մէջ «քննարկած են ՀԱՊԿ տարածաշրջաններուն մէջ ռազմական անվտանգութեան ուղղուած մարտահրաւէրներն ու սպառնալիքները, կազմակերպութեան ձեւաչափին մէջ ճգնաժամային արձագանգման համակարգի կատարելագործման հարցերը»: Այս մասին ըսուած է նիստէն յետոյ տարածուած հաղորդագրութեան մէջ:

Սուրէն Պապիկեանի բացակայութիւնը, բնականաբար, աննկատ չէ անցած: Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն ընդգծած է, թէ կարեւոր կը համարեն Երեւանի մասնակցութիւնը ՀԱՊԿ միջոցառումներուն:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment