Մինսքի մէջ ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու աշտպանութեան նախարարների հանդիպման ընթացքին Ռուսիոյ ռազմական գերատեսչութեան ղեկավար Սերկէյ Շոյկուն Արեւմուտքը մեղադրած է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակին միջամտելու, ռուսական խաղաղապահ առաքելութիւնը վարկաբեկելու փորձերու մէջ:
«Ինչ կը վերաբերի Կովկասեան տարածաշրջանի իրավիճակին, ապա այն մեծապէս պայմանաւորուած է հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան կարգաւորման աստիճանով: Հիմա Լեռնային Ղարաբաղի մէջ անվտանգութեան ապահովման կ’աջակցի ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը: Սակայն Արեւմուտքը կ’ուզէ ամէն կերպ միջամտել իրավիճակին, մեծցնել իր ներկայութիւնը եւ վարկաբեկել ռուսական խաղաղապահ քաղաքականութիւնը», յայտնած է Շոյկուն:
Անոր խօսքով` Արեւմուտքի գլխաւոր նպատակը Հարաւային Կովկասէն Ռուսիան դուրս մղելն է, այլ ոչ թէ տարածաշրջանի անվտանգութեան ապահովումն ու բարգաւաճումը երկարատեւ հեռանկարի վրայ:
«Անոր օրինակը Եւրոմիութեան այսպէս կոչուած քաղաքացիական առաքելութիւնն է Հայաստանի մէջ, որուն կազմին մէջ ընդգրկուած են զինուորներ ու յատուկ ծառայութիւններու աշխատակիցներ: Կը կարծեմ, որ հարկ չկայ բացատրելու, թէ իրականութեան մէջ անոնք ինչով զբաղուած են», ըսած է Շոյկուն եւ ընդգծաղ. «Անոր համար կը գտնենք, որ անհրաժեշտ է շարունակել աշխատանքը ՀԱՊԿ-ի առաքելութիւն տարածաշրջան ուղարկելու ուղղութեամբ»: