Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նոր Խնդիրներ Հայ-Ռուսական Յարաբերութիւններուն Մէջ

Նոր Խնդիրներ Հայ-Ռուսական Յարաբերութիւններուն Մէջ

by MassisPost

Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, 1998 թուականին Հռոմի մէջ կայացած միջազգային համաժողովին 120 երկիրներ, որոնց շարքին նաեւ Հայաստանը, որոշեցին ստեղծել Միջազգային Քրէական Դատարանը (ՄՔԴ), որուն պարտականութիւնը պիտի ըլլար դատել մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներու պատասխանատուները: Այս համաձայնութեան տրուեցաւ «Հռոմի Կարգավիճակ» անուանումը, սակայն դատարանի կեդրոնատեղին հաստատուեցաւ Հոլանտայի վարչական մայրաքաղաք Լա Հայի մէջ, ուր կը գտնուի նաեւ Միջազգային Արդարադատութեան Դատարանը, որուն վերջերս դիմած էր Հայաստանը Լաչինի միջանցքի փակման հարցով:

Դատարանի ստեղծումէն ասդին ոչ բոլոր երկիրները վաւերացուցին  «Հռոմի Կարգավիճակը»: Այդ երկիրներու շարքին են Միացեալ Նահանգները, Ռուսաստանը եւ Չինաստանը` իւրաքանչիւրը իր տարբեր մտահոգութիւններով: Հայաստանի Ազգային Ժողովը եւս մինչեւ օրս չէ վաւերացուցած «Հռոմի Կարգավիճակը»:  Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի յաճախակի յարձակումներու ընթացքին Հայ ռազմագերիներու դէմ գործադրուած վայրագութիւններու լոյսին տակ, երկրի իշխանութիւնները ժամանակը եկած համարեցին միանալու «Հռոմի Կարգավիճակին», որպէսզի կարողանան ՄՔԴ-ի  միջոցաւ պատասխանատութեան կանչել Ազերի ղեկավարները` որպէս պատերազմի ոճրագործներ: Վաւերացման գործընթացը սկսելու նպատակով նախ դիմուեցաւ  Սահմանադրական Դատարանին, որպէսզի ան հաստատէ որ, «Հռոմի Կարգավիճակը» կը համապատասխանէ Հայաստանի սահմանադրութեան: Անցեալ շաբաթ, Սահմանադրական Դատարանը տուաւ իր դրական եզրակացութիւնը` դուռ բանալով Ազգային Ժողովին առջեւ` վաւերացնելու  «Հռոմի Կարգավիճակը» եւ միանալու ՄՔԴ-ին:

Նոյն օրերուն ՄՔԴ որպէս պատերազմի յանցագործ` ձերբակալման հրամանագիր արձակեց նախագահ Վլատիմիր Փութինի դէմ, զայն մեղադրելով Ուքրանացի երեխաներու բռնի Ռուսաստան տեղափոխելու մէջ: Բնականաբար, այս որոշումը զայրոյթ յառաջացուց Քրեմլինի պետական շրջանակներուն մօտ, որոնք մտահոգուած են որ, այդպիսով կը կաշկանդուի նախագահի այցելութիւնները այլ երկիրներ, որովհետեւ «Հռոմի Կարգավիճակին» միացած երկիրները պարտաւոր են գործադրելու Դատարանի ձերբակալման որոշումները:

Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւնները, որոնք Արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն ասդին կ’անցնին տագնապներէ, դէմ յանդիման եկան այս նոր իրողութեան հետ: Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան աղբիւրները յայտնած են որ,  Մոսկուան բացարձակապէս անընդունելի կը համարէ պաշտօնական Երեւանի` Միջազգային Քրէական Դատարանի` «Հռոմի կարգավիճակին» միանալու ծրագիրները` Ռուսիոյ ղեկավարութեան դէմ ՄՔԴ-ի հրահանգներու լոյսին տակ:

Ըստ երեւոյթին Ռուսաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վաղարշակ Յարութիւնեան հրաւիրուած է Արտաքին Գործոց նախարարութիւն  զգուշացուելու համար  Երեւանի հնարաւոր քայլերու «չափազանց բացասական» հետեւանքներուն մասին:

Այս նոր հարցը կու գայ աւելնալու Ռուսաստանի մէկ այլ դժգոհութեան վրայ, որ կը վերաբերի Եւրոպացի դիտորդներու Հայ-ատրպէյճանական սահմանին տեղակայման հետ: Այդ մասին դժգոհութիւն յայտնեց արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, Հայաստանի իր պաշտօնակից Արարատ Միրզոյեանի հետ Մոսկուայի մէջ կայացած հանդիպումին յաջորդած միատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

Այս մասին խօսեցաւ նաեւ Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան, որ իր հերթական ճեպազրոյցի ընթացքին ըսած է որ, «Երբ հայ-ատրպէյճանական սահմանին յայտնուեցաւ Արեւմուտքը, մասշտաբային խնդիրներ սկսան»: Իսկութեան մէջ այդ խնդիրները յառաջացան երբ Ատրպէյճան 2021-ի Մայիսին եւ 2022-ի Սեպտեմբերին երկու առիթներով ներխուժեց Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներէն ներս ու Ռուսաստան թերացաւ կատարելէ իր դաշնակցային պարտաւորութիւնները` Հայաստանի նկատմամբ, նոյնիսկ զլանալով  դատապարտումի խօսք ըսելէ Ատրպէյճանի հասցէին: Խնդիրները յառաջացան երբ Ատրպէյճանական կողմը ամիսներ առաջ փակեց Լաչինի միջանցը, իսկ Ռուսաստանի խաղաղապահ ուժերը մինչեւ օրս անկարող կը գտնուին ապահովելու միջանցքի անխափան գործունէութիւն, ինչպէս որ նախատեսուած է Արցախեան պատերազմի աւարտին ստորագրուած եռակողմ համաձայնութեան մէջ:

«Հռոմի Կարգավիճակին» միանալ-չմիանալու հարցը կրնայ շատ հեշտութեամբ լուծուիլ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ, պարզապէս հարցը Ազգային Ժողովի օրակարգ չմտցնելով: Հայ-ռուսական յարաբերութիւնները, որոնք բազմաթիւ թելերով կապուած են իրար հետ եւ շահահաւէտ են ոչ միայն Հայաստանի, այլ եւ Ռուսաստանի համար, կրնան առանց մեծ դժուարութեան առողջանալ: Հոն հասնելու համար գլխաւոր դերակատարը Մոսկուան է, որ վերատեսութեան պէտք է ենթարկէ  Կովկասեան տարածաշրջանէն ներս վերջին շրջանի իր վարած ոչ-հայանպաստ քաղաքականութիւնը:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment