Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանը Եւ Յունաստանը Ռազմական Համագործակցութեան Նոր Ծրագիր Ստորագրած Են

Հայաստանը Եւ Յունաստանը Ռազմական Համագործակցութեան Նոր Ծրագիր Ստորագրած Են

by MassisPost

Հայաստանի եւ Յունաստանի միջեւ ռազմական համագործակցութեան նոր ծրագիր ստորագրուած է:

Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը:

Մարտ 28-ին, Յունաստանի զինուած ուժերու դաշնակից եւ բարեկամ երկիրներուն հետ միջազգային համագործակցութեան շրջանակներուն մէջ եւ Ազգային պաշտպանութեան գլխաւոր շտաբի ծրագիրներու ծրագրաւորման համաձայն, ՀՀ ՊՆ Պաշտպանական Քաղաքականութեան եւ Միջազգային Համագործակցութեան Վարչութեան պետ Լեւոն Այվազեանի եւ Յունաստանի Ազգային պաշտպանութեան գլխաւոր շտաբի Միջազգային Կապերու Բաժնի տնօրէն Վասիլիոս Ցամիի կողմէ ստորագրուած է 2023 թուականի «Յունաստան-Հայաստան ռազմական համագործակցութեան ծրագիր» (Ռազմական համագործակցութեան ծրագիր):

Այն կը ներառէ 21 գործողութիւն, որմէ 15-ը տեղի պիտի ունենայ Յունաստանի, 6-ը` Հայաստանի մէջ:

Ծրագիրը, ի թիւս այլոց, կը ներառէ. համագործակցութիւն գործողութիւններու ուսուցման գործին մէջ, յատուկ նշանակութեան ջոկատներու-յատուկ գործողութիւններու ուժերու համատեղ պատրաստութիւն, համատեղ ուսուցում ելեկտրոնային պատերազմներու կէտերու մասին, մասնակցութիւն խաղաղութեան աջակցութեան գործողութիւններու բազմազգ ուսումնական կեդրոնի դասընթացքներուն, ՀՕՊ համակարգերու կիրառման փորձի եւ քաղած դասերէն գիտելիքներու փոխանակում, անձնակազմերու փոխանակում եւ այցելութիւններ դպրոցներ եւ բազմազգ դպրոցներ, ինչպէս նաեւ սեմինարներու իրականացում, փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու շուրջ անձնակազմի հանդիպումներ եւ բանակցութիւններ` յատուկ շեշտադրելով համագործակցութիւնը ռազմական հետախուզութեան ոլորտին մէջ:

Ծրագրին ստորագրումը կը հաստատէ երկու երկիրներու ամուր ռազմական կապերը եւ աւելի կ՛ամրապնդէ անոնց զինուած ուժերու գործնական կարողութիւնները եւ փոխգործունակութեան մակարդակը` նպաստելով Յունաստանի եւ Հայաստանի դերի ամրապնդման` տարածաշրջանի կայունութեան եւ անվտանգութեան ապահովման գործին մէջ:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment