Ատրպէյճանի սահմանային տեղաշարժերուն մասին շարք մը յայտարարութիւններէ յետոյ, Իրանի ցամաքային զօրքերու հրամանատար Քիումարս Հէյտարին ըսած է. «Կովկասի մէջ կան շատ զգայուն հարցեր: Անոնցմէ մէկը այս երկրի սահմաններուն Սիոնիստական տարրերու առկայութիւնն է», կը տեղեկացնէ «ParsToday»-ը:
Դիմելով Պաքուին, ան յայտնած է. «Իրանը պիտի չհանդուրժէ սիոնիստական տարրերու առկայութիւնը տարածաշրջանի երկիրներուն մէջ եւ պիտի դիմակայէ անոր»:
Իրանեան բանակի պաշտօնեան նշած է, որ միւս խնդիրը սուրիացի ահաբեկիչներու առկայութիւնը, որոնք տարածաշրջան տեղափոխուած են Պաքուի եւ Հայաստանի միջեւ պատերազմին ժամանակ եւ Իրանը չունի որեւէ հիմնաւոր ապացոյց` տարածաշրջանէն այդ տարրերու հեռանալուն վերաբերեալ:
Հէյտարին յաւելած է. «Երրորդ խնդիրը տարածաշրջանին մէջ պետական սահմաններու փոփոխութիւններու անօրինականութիւնն է: Իրան կը յարգէ հարեւան երկիրներու սահմանները եւ թոյլ պիտի չտայ, որ անոնք փոխուին»: