Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռուսիա Անընդունելի Կը Համարէ Հռոմի Կարգավիճակին Միանալու Հայաստանի Ծրագիրները

Ռուսիա Անընդունելի Կը Համարէ Հռոմի Կարգավիճակին Միանալու Հայաստանի Ծրագիրները

by MassisPost

Մոսկուան բացարձակապէս անընդունելի կը համարէ Միջազգային Քրէական Դատարանի (ՄՔԴ) Հռոմի կարգավիճակին միանալու Երեւանի ծրագիրները: Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան աղբիւրը:

«Մոսկուան բացարձակապէս անընդունելի կը համարէ պաշտօնական Երեւանի` Միջազգային Քրէական Դատարանի Հռոմի կարգավիճակին միանալու ծրագիրները` Ռուսիոյ ղեկավարութեան դէմ ՄՔԴ-ի «հրահանգներու լոյսին տակ», ըսած է աղբիւրը:

Աղբիւրը ուշադրութիւն հրաւիրած է նաեւ այն փաստին վրայ, որ հայկական կողմին զգուշացուած է երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ Երեւանի հնարաւոր քայլերու «չափազանց բացասական» հետեւանքներուն մասին:

Յիշեցնենք, որ Մարտ 24-ին Հայաստանի Սահմանադրական Դատարանը հրապարակած էր որոշում, որուն համաձայն` հանրապետութեան պարտաւորութիւնները, որոնք ամրագրուած են ՄՔԴ Հռոմի կանոնադրութեամբ, համահունչ են երկրի հիմնարար օրէնքին` Սահմանադրութեան:

Յիշեցնենք նաեւ, որ Մարտ 17-ին ՄՔԴ-ն ձերբակալութեան հրահանգ տուած էր Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին եւ նախագահի` երեխաներու իրաւունքներու յանձնակատար Մարիա Լվովա-Պելովային` ուքրանացի երեխաներու ապօրինի արտաքսման մեղադրանքով:

Մեկնաբանելով այս որոշումը` Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով նշած էր, որ Մոսկուան չի ճանչնար ՄՔԴ-ի իրաւասութիւնը: Իր հերթին, Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան, խօսելով Լահայէն ստացուած տեղեկատուութեան մասին, ըսած էր, որ ՄՔԴ որոշումները Ռուսիոյ համար որեւէ նշանակութիւն չունին, հնարաւոր ձերբակալութեան հրահանգը իրաւաբանօրէն անվաւեր են:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment