ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան ընդունած է աշխատանքային այցով Հայաստան ժամանած ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Իմանկալի Թասմակամպեթովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Կարծիքներ փոխանակուած են միջազգային եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան շարք մը հարցերու, այդ շարքին` հայ-ատրպէյճանական սահմանին տիրող իրավիճակին եւ Հայաստանի շուրջ ստեղծուած ռազմաքաղաքական իրադրութեան վերաբերեալ:
Մասնաւորապէս, խօսելով սահմանային իրավիճակին մասին, Սուրէն Պապիկեանը ներկայացուցած է ՀԱՊԿ հաւաքական պաշտպանութեան մեխանիզմներու գործարկման վերաբերեալ տեւական ժամանակ առկայ խնդիրները եւ ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան ակնկալիքները: