Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ՀԿԲՄ-ի Կրթանպաստներու Ծրագիրը Սկսած Է Ընդունիլ 2023-2024 Տարեշրջանի Դիմումները

ՀԿԲՄ-ի Կրթանպաստներու Ծրագիրը Սկսած Է Ընդունիլ 2023-2024 Տարեշրջանի Դիմումները

by MassisPost

Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութեան (ՀԿԲՄ) կրթանպաստներու Յանձնախումբը հաճոյքով կը յայտարարէ որ, պիտի ընդունի 2023-2024 տարեշրջանի կրթնպաստներու դիմումները սկսեալ Ապրիլ 1, 2023-էն։

Անհատական կրթանպաստներ` իւրաքանչիւրը մինչեւ 2000 տոլար, պիտի յատկացուին արժանի ուսանողներու, որոնք կը յաճախեն քառամեայ համալսարաներ Ամերիկայի Միացեալ

Նահագներուն մէջ։ Դիմողները պէտք է ըլլան հայկական ծագումով, ունենան նուազագոյնը 3.5 GPA, եւ գործունեայ ըլլան հայկական կազմակերպութիւններէն ներս:

Պայմանները լրացնող ուսանողները կրնան այցելել   https://aebu.org/our-programs/scholarship/ կայքը` յաւելեալ տեղեկութիւններ եւ դիմումնագրեր ստանալու համար։

Դիմումները պէտք է ներկայացուին առցանց կամ նամակատան միջոցաւ մինչեւ Յունիս 30, 2023։ Նամակով դիմումները պէտք է ուղարկուին` AEBU Scholarship Committee, 1060 N. Allen Ave. Pasadena, CA 91104։ Նաեւ կարելի է հեռաձայնել 626-344-7321 թիւին` յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար։

ՀԿԲՄ իր տարեկան նպաստները կը յատկացնէ մրցակցային հիմունքներով եւ վերաքննութենէ ետք: Կրթանպաստի արժանացած ուսանողներու անունները պիտի յայտարարուին առցանց` մինչեւ  Օգոստոս 1,  2023: Կրթանպաստնելու յանձման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Օգոստոս 27, 2023-ին` ծնողներու եւ Միութեան բարեկամներու ներկայութեան։

Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութիւնը հիմնուած է 1969-ին խումբ մը նուիրեալներու կողմէ, որոնք հաւատացած են կարիքաւոր ուսանողներուն օգտակար դառնալու առաքելութեան: Մենք կը հաւատանք, որ ուսանողական նպաստները կարեւոր ներդրումներ են մեր երիտասարդներու կրթութեան`  կերտելու համար աւելի փայլուն ապագայ մը:

Մեր ծրագիրներուն օժանդակելու համար կը խնդրենք այցելել https://aebu.org/donate/ կայքէջը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment