Ատրպէյճանի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը անընդունելի կը համարէ Հայաստանի վարչապետին կողմէ Պաքու-Ստեփանակերտ երկխօսութեան միջամտելու փորձերը, «Ղարաբաղի ժողովուրդ եւ իշխանութիւն» բառակապակցութեան օգտագործումը, յայտնած է գերատեսչութեան խօսնակ Այխան Հաճիզատէն:
Ատրպէյճանցի պաշտօնեան, արձագանգելով Հայաստանի վարչապետի նախօրէի յայտարարութիւններուն, կրկին պնդած է` «հայ բնակչութեան վերահամարկման քննարկումը Ատրպէյճանի ներքին գործն է»: «Օտար պետութիւնները չեն կրնար որեւէ դերակատարում ունենալ անոր մէջ», յաւելած է Հաճիզատէն:
«Հայաստանի վարչապետը պէտք է հասկնայ, որ Ղարաբաղի շրջանի հայկական ծագման բնակչութեան իրաւունքները երբեք չեն կրնար բարձր ըլլալ շրջանի ատրպէյճանական բնակչութեան իրաւունքներէն», պնդած է Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան խօսնակը: