Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Եւրոպական Խորհրդարանը Նոր Զեկոյցով Դատապարտած Է Հայաստանի Դէմ Ատրպէյճանի Յարձակումը

Եւրոպական Խորհրդարանը Նոր Զեկոյցով Դատապարտած Է Հայաստանի Դէմ Ատրպէյճանի Յարձակումը

by MassisPost

2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ կնքուած զինադադարը չի պահպանուիր, աւելին` զինադադարը քանի մը անգամ խախտուած է` յանգեցնելով հարիւրաւոր զոհերու եւ Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ Հայաստանի արեւելքը եւ հարաւ-արեւելքը երկրի ինքնիշխան տարածքի բռնագրաւթման: Այս մասին կը նշուի Եւրոպական Խորհրդարանի զեկոյցին մէջ ԵՄ-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն վերաբերեալ:

Փաստաթուղթին մէջ կը յիշատակուին Լաչինի միջանցքով քաղաքացիական երթեւեկութեան արգելափակումը, սեպտեմբերեան մարտերու ժամանակ ռազմագերիներու խոշտանգումները, 2020-ին եւ 2021-ի սկիզբը քաղաքացիական անձերու, այդ շարքին` տարեցներու նկատմամբ ոտնձգութիւնները եւ արտադատական հաշուեյարդարները:

«ԵՄ-ն պատրաստ է գործուն դերակատարում ունենալու` որպէս յուսալի առեւտրային գործընկեր եւ արդար միջնորդ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու գործին մէջ` իր գործողութիւնները հիմնելով ժողովրդավարութիւնը, օրէնքի գերակայութիւնը եւ մարդու իրաւունքներու հանդէպ յարգանքը յառաջ մղելու վրայ», կը նշեն զեկոյցի հեղինակները` յաւելելով, որ Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ ծաւալած հակամարտութիւնը ազդեցութիւն ունեցած է Հարաւային Կովկասի վրայ եւ աւելի բարդացուցած է տարածաշրջանի անվտանգային իրավիճակը:

Զեկոյցին մէջ անդրադարձ կը կատարուի նաեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման` Ատրպէյճանի առաջարկած հինգ սկզբունքներուն եւ անոնց առնչութեամբ Հայաստանի արձագանգին:

Փաստաթուղթին մէջ նաեւ կը յիշատակուի Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի` 2021 թուականի Դեկտեմբեր 7-ի որոշումը` կապուած Լեռնային Ղարաբաղի մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման գործին մէջ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու ներգրաւուածութեան հետ:

Զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութիւնը մեծապէս խոչընդոտած է Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի զարգացումն ու կայունութիւնը եւ աւելի լայն իմաստով կ’ազդէ եւրոպական կայունութեան վրայ:

«Եւրոպական Խորհրդարանը խստօրէն կը դատապարտէ 2022 թուականի Սեպտեմբերին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին բազմաթիւ թիրախներու դէմ լայնածաւալ ռազմական յարձակումը… կը դատապարտէ ռազմական ներխուժումները, որոնք 2021 թուականի Մայիսէն ի վեր իրականացուած են չսահմանազատուած սահմանով, բոլոր ուժերուն կոչ կ’ընէ վերադառնալու իրենց ելման դիրքեր, կը դատապարտէ խաղաղութեան գործընթացը խաթարող որեւէ փորձ եւ բոլոր կողմերուն կոչ կ’ընէ զերծ մնալու ուժի կիրառումէն»,  նշուած է զեկոյցին մէջ:

Եւրոպական Խորհրդարանը նաեւ մտահոգութիւն կը յայտնէ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու ճակատագրին առնչութեամբ, կը դատապարտէ Պաքուի մէջ, այսպէս կոչուած, «ռազմաւարներու զբօսայգիի» բացումը, կ’ողջունէ Հայաստանի մէջ ԵՄ քաղաքացիական առաքելութիւն տեղակայելու շուրջ համաձայնագիրը եւ կը խրախուսէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի քաղաքական ղեկավարութիւններուն միջեւ երկկողմ շփումները:

Միեւնոյն ժամանակ կը նշուի, որ Ատրպէյճանի հետ քաղաքական եւ ուժանիւթային ոլորտին մէջ գործընկերութիւնը խորացնելէ առաջ Ատրպէյճանը պէտք է բարելաւէ մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու հետ կապուած իրավիճակը, որ «դեռ կը գնահատուի շատ բացասական»: Անդրադարձ կը կատարուի նաեւ Ատրպէյճանի մէջ առկայ փտածութեան, կանանց դէմ բռնութիւններուն, խօսքի ազատութեան սահմանափակումներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment