Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հաթայի Նահանգին Մէջ Գտնուող Հայկական Վաքըֆլը Գիւղը Երկրաշարժէն Աննշան Տուժած Է․ Զոհեր Չկան

Հաթայի Նահանգին Մէջ Գտնուող Հայկական Վաքըֆլը Գիւղը Երկրաշարժէն Աննշան Տուժած Է․ Զոհեր Չկան

by MassisPost

Թուրքիոյ Հաթայի նահանգին մէջ գտնուող հայկական Վաքըֆլը գիւղին մէջ երկաշարժին հետեւանքով զոհեր չկան: Վնասուած են քանի մը տուներ, դպրոցի շէնքը, Սուրբ Մարիամ եկեղեցւոյ պատը: Ըստ «Անատոլու» գործակալութեան` գիւղին մէջ 130 բնակիչ կ’ապրի:

Վաքըֆլըի գիւղապետ Պերճ Քարթունը «Անատոլու» գործակալութեան ըսած է, որ Վաքըֆլըին Հաթայի եզակի բնակավայրերէն է, ուր զոհեր չկան: Ան ըսած է, որ երկրաշարժի պահուն գիւղի բնակիչները քնացած էին:

«Փառք Ամենաբարձրեալին, ոչ ոք տուժած է: Միայն նիւթական վնասներ կան: Ելեկտրամատակարարումը նախօրէին վերականգնուած է: Ցաւակցութիւն կը յայտնեմ Թուրքիոյ: Աստուած չտայ եւս մէկ անգամ նման բան վերապրիլ», ըսած է ան:

Ան յայտնած է, որ Հաթայ քաղաքին մէջ վեց հայ զոհուած է:

Պերճ Քարթունը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է իշխանութիւններուն, որ աղէտի առաջին օրուընէ Վաքըֆլըին առանց ուշադրութեան չեն թողած` ապահոված են սննդամթերքով ու ծածկոցներով:

«Հազար շնորհակալութիւն: Օգնած են նաեւ շարքային քաղաքացիներ: Բոլորին շնորհակալութիւն, ովքեր օգնութիւն ուղարկած են», ըսած է ան:

Վագըֆլըին Թուրքիոյ մէջ մնացած միակ հայկական գիւղն է Մուսա լերան լանջին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment