Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Ատրպէյճանը Հայաստանի Վրայ Աւելի Մեծ Յարձակումներ Կը Պատրաստէր Նախորդ Տարուան Սեպտեմբերին․ Իրանի Գործողութիւնները Օգնեցին Կանգնեցնելու Իրավիճակին Հետագայ Վատթարացումը»․ ՀՀ ԱԳ Փոխնախարար

«Ատրպէյճանը Հայաստանի Վրայ Աւելի Մեծ Յարձակումներ Կը Պատրաստէր Նախորդ Տարուան Սեպտեմբերին․ Իրանի Գործողութիւնները Օգնեցին Կանգնեցնելու Իրավիճակին Հետագայ Վատթարացումը»․ ՀՀ ԱԳ Փոխնախարար

by MassisPost

Հայաստանի արտաքին գործերու փոխնախարար Վահան Կոստանեան ըսած է, որ Իրանի գործողութիւններուն եւ յայտարարութիւններուն շնորհիւ 2022 թուականի Սեպտեմբերին կարելի եղաւ խուսափիլ Ատրպէյճանի յարձակման հետագայ ծաւալումէն:

«Մենք հետախուզական տուեալներ ունէինք, որ Ատրպէյճանն աւելի մեծ գրոհներ էր պատրաստում, երբ յարձակուեց Հայաստանի վրայ նախորդ տարուայ Սեպտեմբերին: Իրանի գործողութիւններն ու յայտարարութիւնները օգնեցին կանգնեցնել իրավիճակի հետագայ վատթարացումը», ըսած է Վահան Կոստանեանը «Al-Monitor» պարբերականի հետ զրոյցին:

Արտաքին գործերու փոխնախարարը նշած է, որ իրանեան զինամթերքի գնման հարց Հայաստանի օրակարգին վրայ չկայ:

Խօսելով Ատրպէյճանի նպատակներուն մասին, արտաքին գործերու փոխնախարարը առանձնացրուցած է երեքը.

«Լեռնային Ղարաբաղում ցեղային զտում իրականացնել, տարածաշրջանում լայնածաւալ ռազմական լարուածութիւն հրահրել եւ ստիպել Հայաստանին արտատարածքային միջանցք տրամադրել»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment