Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Փտածութեան Ընկալման Համաթիւին Մէջ Հայաստան Նահանջած Է

Փտածութեան Ընկալման Համաթիւին Մէջ Հայաստան Նահանջած Է

by MassisPost

«Թրանսփերընսի Ինթըրնեշընըլ» միջազգային ոչ-կառավարական կազմակերպութիւնը հրապարակած է փտածութեան ընկալման 2022 թուականի համաթիւը: Հայաստանը ոչ միայն չէ յաղթահարած լճացումը, այլեւ թուլցուցած է դիրքերը` կորսնցնելով 3 միաւոր, եւ այժմ 46 միաւորով յայտնուած է 63-րդ տեղը` նախորդ տարուան 58-րդի փոխարէն:

Ցուցակը կ՛օգտագործէ 100-նիշնոց սանդղակ, ուր 100 միաւոր կը գնահատուի փտածութենէն ամբողջութեամբ զերծ միջավայրը, իսկ 0-ն փտածութեան ամենաբարձր ցուցանիշն է: Անցեալ տարուան ուսումնասիրութեան` 180 երկիրներու եւ տարածքներու համար արձանագրուած միջին միաւորը 43 է:

«Թրանսփերընսի Ինթըրնեշընըլ»-ի հրապարակուած տարեկան զեկոյցը կը փաստէ, որ աշխարհի երկիրներուն մեծամասնութիւնը չեն կրցած յաջողութեան հասնիլ փտածութեան դէմ պայքարին մէջ․ 2017 թուականէն ի վեր 180 երկիրներու 95 տոկոսը գրեթէ չէ ապահոված որեւէ դրական տեղաշարժ: Հայաստանը վերջին 6 տարուան ընթացքին իր դիրքերը բարելաւած 8 երկիրներէն մէկն է, կը նշէ կառոյցը:

Այդուհանդերձ, ինչպէս նկատած են հեղինակաւոր կազմակերպութեան փորձագէտները, Հայաստանի մէջ քանի մը տարուան յառաջընթացէն յետոյ մտահոգիչ նշաններ կը նկատուին` երկիրը անցեալ տարի կորսնցուցած է 3 միաւոր: Թէեւ այդ անկումը «վիճակագրօրէն նշանակալի չէ», այդուհանդերձ, միտումը, ըստ կառոյցին, կ’արտացոլէ «զսպող եւ հահակշռող մեխանիզմներու, իրաւապահ գործունէութեան մէջ թափանցիկութեան, անկախ դատական համակարգին մէջ եւ քաղաքացական տարածքի պաշտպանութեան ապահովման խախտումը»:

Ուսումնասիրութեան արդիւնքներով, նախորդ տարուան պէս` Հայաստանը, բացի Վրաստանէն, առաջ է իր միւս երեք հարեւաններէն` Թուրքիայէն , Ատրպէյճանէն եւ Իրանէն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment