Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Մոսկուան Կոչ Կ’ընԷ Լիովին Ապաշրջափակելու Լաչինի Միջանցքը. Զախարովա

Մոսկուան Կոչ Կ’ընԷ Լիովին Ապաշրջափակելու Լաչինի Միջանցքը. Զախարովա

by MassisPost

Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը, ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութիւնը, Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան հետ համագործակցութեամբ, մշտական ​​կապի մէջ են բոլոր շահագրգիռ կողմերուն հետ. Լաչինի միջանցքին մէջ իրավիճակը կարգաւորելու համար աշխոյժ ջանքերը կը շարունակուին: Այս մասին ամէնշաբաթեայ ճեպազրոյցի ժամանակ յայտնած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան` անդրադառնալով Լաչինի միջանցքի շուրջ տիրող իրավիճակին:

«Ի տարբերութիւն արտաքին խաղացողներու մեծամասնութեան, որոնք կը սահմանափակուին յայտարարութիւններով եւ ապամագլցողութեան կոչերով, ռուսական կողմը իրական լուծումներ կը փնտռէ եւ մարդասիրական օգնութիւն կը ցուցաբերէ: Ուստի մենք կոչ կ’ընենք լիովին ապաշրջափակելու Լաչինի միջանցքը` համաձայն Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու` 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան, եւ կոչ կ’ընենք Պաքուին եւ Երեւանին քաղաքական կամք դրսեւորելու առկայ տարաձայնութիւնները շուտափոյթ կերպով լուծելու համար»,- յաւելած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան ներկայացուցիչը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment