Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եւրոպական Աճող Հետաքրքրութիւնը` Հայաստանով

Եւրոպական Աճող Հետաքրքրութիւնը` Հայաստանով

by MassisPost

Վերջին օրերուն տեղի ունեցան երկու կարեւոր իրադարձութիւններ« որոնք կու գան ցոյց տալու  թէ, Եւրոպական երկիրները աւելի մօտէն սկսած են հետաքրքրութիւնը Հայաստանի ու Արցախի հարցերով: Նախ Եւրոպական Խորհրդարանը ձայներու մեծ առաւելութեամբ ընդունեց բանաձեւ` դատապարտելով Ատրպէյճանի արարքները Հայաստանի հետ սահմանին եւ   Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակումը, հոն ապրող 120 հազար բնակչութիւնը զրկելով սնունդի, վառելանիւթի եւ դեղորայքի հասանելիութեան իրաւունքէն: Բանաձեւը խստօրեն  դատապարտեց Ատրպէյճանի գործողութիւնները կոչ ընելով անոր« միջազգային կազմակերպութիւններուն տրամադրելու անարգել մուտք դէպի Լեռնային Ղարաբաղ‘ իրավիճակը գնահատելու եւ անհրաժեշտ մարդասիրական օգնութիւնը տրամադրելու համար: Այս փաստաթուղթը Պաքուի կողմէ արժանացաւ խիստ դատապարտումի` Եւրոպական Խորհրդարանը մեղադրելով կողմնակալութեան մէջ:

Չբաւարարուելով այսքանով, Եւրոպական Խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու հարցերով կոմիտէի Պրուքսելի մէջ կայացող նիստին, որուն ներկայ էր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը,  Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը չէր հրաւիրուած:

Երկրորդ կարեւոր որոշումը կայացուց Եւրոպական Միութեան Խորհուրդը` Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահման ուղարկելու քաղաքացիական դիտորդական առաքելութիւն, առայժմ բաղկացած 100 հոգիներէ, սակայն անոնց թիւը կրնայ բարձրանալ յառաջիկային: Այս առաքելութեան իրաւասութիւնը երկու տարուայ համար է, որ կրնայ երկարաձգուիլ ապագային:

Բնականաբար Հայաստան ողջունեց այս որոշումը, սակայն ուշագրաւ էր որ Ատրպէյճան մեծ աղմուկ չբարձրացուց այս հարցով, քաջ գիտակցելով որ, անկարող է որեւէ բան ընելու, երբ դիտորդները պիտի տեղակայուին Հայաստանի հողին վրայ:

Կ’ակնկալուի որ, այս առաքելութիւնը բաւականին զսպիչ դեր կատարէ` կանխելու համար նոր ռազմական գործողութիւններ` Ատրպէյճանի կողմէ: Սեպտեմբերեան պատերազմէն ետք, նոյնանման աւելի փոքր կազմով դիտորդներ ժամանած էին Հայաստան եւ անկէ ետք դադրած էին ազերի բանակի ամէնօրեայ սադրիչ գործողութիւնները Հայկական դիրքերու եւ գիւղերու ուղղութեամբ:

Այս բոլորը տակաւին բաւարար չեն զսպելու համար Ալիեւի ախորժակները: Ժամանակն է դիմելու գործնական քայլերու, սկսելով Ատրպէյճանի եւ Եւրոպայի միջեւ կնքուած  կազի մատակարարման  խնդրայարոյց պայմանագիրը խզելով: Այս համաձայնութիւնը գոյացած էր երբ Եւրոպական երկիրները ցուրտ եղանակին պատրաստուելու համար կը փորձէին կազի մատակարարման այլընտրանքային աղբիւրներ փնտռել` Ռուսաստանի հետ տնտեսական կապերու խզումէն ետք: Այսօր, Եւրոպան սկսած է յաղթահարել ձմրան եղանակի իր կարիքները, շնորհիւ աւելի բարենպաստ եղանակին եւ Միացեալ Նահանգներէն եւ Արաբական ծոցի երկիրներէն ստացած կազի պաշարներուն: Եւրոպական Միութիւնը բարոյական պարտաւորութեան տակ է` փակելու Ալիեւի բռնատիրական ռեժիմի եկամուտի աղբիւրները, թէկուզ նուազագոյն չափով:

Վերջին շրջանի Պաքուի գործողութիւնները եւ յատկապէս Լաչինի միջանցքի փակումը զինք դրած են անել կացութեան առջեւ: Առանց Հայկական կողմէն զիջումներ ապահովելու ետք քայլ կատարելը անոր համար պիտի ըլլայ խոշոր պարտութիւնը« իսկ Արցախահայութիւնը կը մերժէ պատուաւոր ելքի ճամբայ տալ Ալիեւին: Արցախի շրջափակումը եը մարդասիրական տագնապի շարունակութիւնը Ատրպէյճանը պիտի մատնէ ամբողջական մեկուսացման:

Եւրոպական կառոյցներու վերջին քայլերը դրական են Հայաստանի ու Արցախի համար: Պէտք է շարունակել Ատրպէյճանի վրայ ճնշումները մինչեւ որ ան հասկնայ թէ ժողովրդավար Հայաստանը եւս ունի իր բարեկամները, որոնք պատրաստ են անոր կողքին կանգնելու:

Եւրոպացիներու աճող հետաքրքրութիւնը Հայաստանով ու անոնց մուտքը Կովկաս կրնայ նոր իրավիճակներու առջեւ դնել տարածաշրջանը:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment