Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանի Խորհրդարանը Դատապարտած Է Եւրոխորհրդարանի Բանաձեւը

Ատրպէյճանի Խորհրդարանը Դատապարտած Է Եւրոխորհրդարանի Բանաձեւը

by MassisPost

Ատրպէյճանի խորհրդարանը յայտարարութիւն ընդունած է, որով կը դատապարտէ Եւրոխորհրդարանի բանաձեւը Ղարաբաղի մէջ եւ Լաչինի միջանցքին շուրջ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ:

Ատրպէյճանցի պատգամաւորները Եւրոխորհրդարանի բանաձեւը անուանած են «կողմնակալ եւ անարդար», իսկ անոր հեղինակները` «անընդունակ հեռանալու երկակի չափանիշերու քաղաքականութենէն»:

Եւրոխորհրդարանը Լաչինի միջանցքին հարցով բանաձեւ ընդունեց, որ Ատրպէյճանին կոչ կ’ընէ անյապաղ բանալու Արցախը աշխարհին հետ կապող միակ ճանապարհը եւ ձեռնպահ մնալու Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ փոխադրական, ուժանիւթային եւ հաղորդակցական կապերը խափանելու գործելակերպէն:

Արցախը աշխարհին կապող միակ ճանապարհը փակ է 40 օրէ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment