Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ալիեւի Վարչակարգը Կանխամտածուած Քայլերու Կը Ձեռնարկէ Բնիկ Հայ Բնակչութիւնը Արցախէն Հեռացնելու․ ԱՄՆ Գոնկրէսականները Դիմած Են Պայտընին

Ալիեւի Վարչակարգը Կանխամտածուած Քայլերու Կը Ձեռնարկէ Բնիկ Հայ Բնակչութիւնը Արցախէն Հեռացնելու․ ԱՄՆ Գոնկրէսականները Դիմած Են Պայտընին

by MassisPost

Գոնկրէսի Հայկական Յանձնախումբի համանախագահները Պայտընի վարչակազմին կոչ կ’ընեն քննարկելու արտակարգ իրավիճակի մէջ օդային փոխադրումը Լեռնային Ղարաբաղ եւ պատժամիջոցներ կիրառելու Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն նկատմամբ:

ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընին եւ ԱՄՆ ՄԶԳ վարիչ Սամանթա Փաուըրին ուղղուած նամակին մէջ, Գոնկրէսի Հայկական Յանձնախումբի համանախագահներ Ֆրենք Փալոնը, Կաս Պիլիրաքիսը, Ատամ Շիֆը, Տէյվիտ Վալատաոն եւ Աննա Էշուն կը նշեն. «Լաչինի միջանցքի վերաբացման ներկայ միջազգային ռազմավարութիւնը պարզապէս չ’աշխատիր: Ալիեւի վարչակարգը կանխամտածուած քայլերու կը ձեռնարկր բնիկ հայ բնակչութիւնը Արցախէն հեռացնելու եւ անոնց նախնիներու երկրին մէջ ազատ, ժողովրդավարական եւ արժանապատիւ ապրելու հնարաւորութենէն զրկելու համար` ցեղային զտումներու յստակ նշան, որ կարելի չէ անտեսել»:

Նամակին մէջ նաեւ ըսուած է. «Լաչինի միջանցքի վերաբացման ներկայ միջազգային ռազմավարութիւնը պարզապէս չի գործեր: Չնայած շրջափակման եւ անմեղ քաղաքացիներուն վրայ ունեցած ողբերգական ազդեցութեան յստակ փաստագրուած ապացոյցներուն, նախագահ Ալիեւ կը շարունակէ ստել ԱՄՆ-ին եւ միջազգային հանրութեան` յայտարարելով, որ շրջափակում չկայ: Տագնապալի է նաեւ այն, որ Ալիեւ յայտնած է, որ Արցախէն մեկնելու ճանապարհը բաց է բոլոր անոնց համար, որոնք չեն փափաքիր դառնալ Ատրպէյճանի քաղաքացի: Ալիեւի վարչակարգը կանխամտածուած քայլերու կը ձեռնարկէ բնիկ հայ բնակչութիւնը Արցախէն հեռացնելու եւ անոնց նախնիներու երկրին մէջ ազատ, ժողովրդավարական եւ արժանապատիւ ապրելու հնարաւորութենէն զրկելու համար: Մինչդեռ տարածաշրջանին մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահները քիչ բան ըրած են միջանցքը փակող ատրպէյճանցիները ցրելու կամ իրավիճակը թուլցնելու համար»:

Գոնկրէսականները նաեւ տեղացիներուն օդային օգնութիւն հասցնելու կոչ ըրած են եւ յորդորած են պատժամիջոցներ սահմանել Ատրպէյճանի նկատմամբ. «Միացեալ Նահանգները պէտք է նաեւ դիտարկէ Արցախին մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու բոլոր առկայ տարբերակները, ներառեալ մատակարարումներու հնարաւոր օդային փոխադրումը` կանխելու սովի իրական սպառնալիքը:

Բացի անկէ, մենք կը կարծենք, որ այս շրջափակման ետին կանգնած իշխանութիւններուն դէմ այնպիսի պատժամիջոցներու կիրառումը, ինչպիսին է Մակնիթսքիի պատժամիջոցները, հիմնաւորուած է եւ տեղին` հաշուի առնելով այն լուրջ վտանգը, որուն ներկայ պահին կը բախի Արցախի ժողովուրդը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment