Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ալէն Սիմոնեանը Դիմած Է Միջազգային Գործընկերներուն

Ալէն Սիմոնեանը Դիմած Է Միջազգային Գործընկերներուն

by MassisPost

ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան Լաչինի ճգնաժամին վերաբերեալ պաշտօնական նամակով դիմած է 30-է աւելի երկիրներու խորհրդարաններու ղեկավարներուն եւ միջազգային խորհրդարանական կազմակերպութիւններու նախագահներուն: Գրութեան մէջ, մասնաւորապէս, ուշադրութիւն կը հրաւիրուի արդէն մէկ ամիսէ աւելի Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին միացնող միակ ճանապարհի` Լաչինի միջանցքի շրջափակման հարցին:

Նամակին մէջ կ’ըսուի, որ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի վերահսկողութեան տակ գտնուող Լաչինի միջանցքին արգելափակումը 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւններու կոպտագոյն խախտում է Ատրպէյճանի կողմէ:

Անդրադառնալով շրջափակման մէջ գտնուող արցախաբնակ 120.000 հայերուն` կը նշուի, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական ճգնաժամը օրէ օր կը խորանայ: «Թերսնուցման վտանգը գնալով աւելի շօշափելի է դառնում: 41 մանկապարտէզ եւ 20 դպրոց փակ են: Հազարաւոր երեխաներ զրկուած են կրթութեան իրաւունքից:

Աւելին` այս շրջափակումը խոչընդոտում է Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան ազատ տեղաշարժին: Առնուազն 1.100 խաղաղ բնակիչներ վերջին շաբաթների ընթացքում մնացել են արգելափակուած մայրուղու երկայնքով` չկարողանալով վերադառնալ իրենց տները», կ’ըսուի պաշտօնական նամակին մէջ: Անդրադարձ կը կատարուի նաեւ Հայաստանի մէջ ժամանակաւոր ապաստան ստացած 270 անչափահասներուն, որոնց ծնողները Արցախի մէջ են:

ՀՀ ԱԺ նախագահը կը տեղեկացնէ, որ Լեռնային Ղարաբաղը կ’ապրի մեկուսացման պայմաններու մէջ` ելեկտրականութեան ծայրայեղ պակասով, առանց կեանքի համար կենսական նշանակութիւն ունեցող ծառայութիւններու եւ ապրանքներու հասանելիութեան: «Այս պաշարումը ոչ այլ ինչ է, քան Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուող ցեղային զտման հետեւողական քաղաքականութեան վառ շարունակութիւն», կ’ըսուի  գրութեան մէջ:

Նամակին մէջ կը յիշատակուի, որ շարք մը կառավարութիւններ, ներառեալ` Ֆրանսան եւ Միացեալ Նահանգները, Եւրոպական Միութեան, Եւրոպական Խորհրդարանի եւ բազմաթիւ ազգային խորհրդարաններու, ՄԱԿ-ի, իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու, ցեղասպանութեան հարցերով զբաղուող նշանաւոր միջազգային կազմակերպութիւններու հետ միասին, դատապարտած են այս անօրինական եւ թշնամական գործողութիւնը եւ կոչ ըրած են անյապաղ ու անվերապահօրէն ապաշրջափակելու միջանցքը:

«Եւս մէկ անգամ ընդգծելով տարածաշրջանում խաղաղութիւն եւ կայունութիւն կառուցելու հայկական կողմի վճռականութիւնը` կոչ ենք անում մեր միջազգային գործընկերներին լրացուցիչ միջոցներ ձեռնարկել Լեռնային Ղարաբաղում ծաւալուող ծանր իրավիճակը կանխելու համար, ներառեալ` Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցների կիրառումը», ՀՀ ԱԺ նախագահին նամակը կ’եզրափակուի այս տողերով: Սա ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի երկրորդ նմանատիպ պաշտօնական նամակն է միջազգային գործընկերներուն: Խորհրդարանի ղեկավարը այս հարցով գործընկերներուն դիմած էր նաեւ 2022 թուականի Դեկտեմբեր 14-ին «Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական ճգնաժամ յարուցելու մասին» ՀՀ ԱԺ յայտարարութեան ընդունումէն յետոյ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment