Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Լոս Անճելըսի Քաղաքապետն Ու Քաղաքային Խորհուրդի Նախագահը Պայտընին Կոչ Ըրած Են Օգնութեան Հասնելու Արցախահայութեան

Լոս Անճելըսի Քաղաքապետն Ու Քաղաքային Խորհուրդի Նախագահը Պայտընին Կոչ Ըրած Են Օգնութեան Հասնելու Արցախահայութեան

by MassisPost

Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Քերըն Պասը եւ Քաղաքային Խորհուրդի նախագահ Փօլ Գրեգորեանը պաշտօնական գրութեամբ դիմած են ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընին` կոչ ընելով օգնութեան հասնելու Արցախի ժողովրդին: Այս մասին Պասը եւ Գրեգորեանը նամակ հրապարակած են:

Ըստ նամակի հեղինակներուն` Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը միայն Ուքրանիոյ ժողովրդավարութիւնը չէ, որ կը փորձէ խաթարել, եւ անոր գործողութիւններուն հետեւանքով այսօր Արցախի 120 հազար քաղաքացիները բախած են ցուրտէն, սովէն ու դեղորայքի պակասէն դանդաղ մահուան դատապարտուելու սպառնալիքին:

«Մարդասիրական աղէտի պատճառը Արցախի ժողովուրդը պաշարմամբ պատանդ պահող միտումնաւոր շրջափակումն է` իրականացուած Ատրպէյճանի բռնապետ Ալիեւի կողմէ, ռուսական զօրքերու աջակցութեամբ: Այս անօրինական շրջափակման միջոցով երկու բռնապետութիւնները կը փափաքին պատժել Արցախը եւ Հայաստանը, որոնք համարձակած են տարածաշրջանին մէջ յառաջ տանիլ ժողովրդավարութիւնը եւ կայունութիւնը», կը նշեն նամակին հեղինակները` յաւելելով, որ ԱՄՆ-ի կողմէ համարձակ գործողութիւններու բացակայութիւնը կրնայ յանգեցնել տարածաշրջանին մէջ հայերու ներկայութեան ցեղասպանական ոչնչացման:

Ներկայացնելով Դեկտեմբեր 12-էն Արցախի մէջ ստեղծուած ծանր իրավիճակը` Լոս Անճելըսի քաղաքապետն ու Քաղաքային Խորհուրդի նախագահը Ճօ Պայտընին կոչ կ’ընեն օգնութեան հասնելու Արցախի ժողովուրդին հետեւեալ կերպ.

Տրամադրել ԱՄՆ-ի ուղիղ մարդասիրական աջակցութիւնը Արցախին, այդ շարքին` սննդամթերք եւ դեղորայք:

Յստակ ուղերձ յղել Փութինին ու Ալիեւին, որ ԱՄՆ-ն կը պահանջէ եւ գործողութիւններու պիտի ձեռնարկէ` երաշխաւորելու անվտանգ թռիչքներու իրականացում Արցախի բնակչութեան օգնութիւն հասցնելու համար:

Դիւանագիտական ջանքեր գործադրել Պաքու-Ստեփանակերտ ուղիղ երկխօսութեան կայացման համար` երաշխաւորելով արցախահայութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը:

Պնդել, որ Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահները փոխարինուին միջազգային խաղաղապահ առաքելութեամբ:

Շօշափելի գործողութիւններու ձեռնարկել Ատրպէյճանի դէմ եւ պատասխանատուութեան ենթարկել այդ երիկրը իր պատերազմական յանցագործութիւններուն համար` համաձայն Ազատութեան աջակցութեան ուխտի 907-րդ բաժնի եւ Մակնիթսքիի ուխտի:

Նամակին հեղինակները յոյս յայտնած են, որ ԱՄՆ-ն անգործ չհետեւի, թէ ինչպէս յարձակողական բռնապետութիւնները իրենց ժողովրդավարական հարեւաններուն դէմ ցեղասպանական քաղաքականութիւն կը վարեն:

Աւելի վաղ Լոս Անճելըսի հայկական համայնքի ներկայացուցիչները բողոքի շարժում կատարած էին Լոս Անճելըսի քաղաքապետարանին մօտ` պահանջելով քայլերու ձեռնարկել Լաչինի միջանցքը բանալու եւ Արցախի շրջափակումը վերացնելու ուղղութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment