Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սպասելով Նոր Զարգացումներու

Սպասելով Նոր Զարգացումներու

by MassisPost

Երրորդ շաբաթն ըլլալով Արցախը Հայաստանին կապող կեանքի ճանապարհը՝ Լաչինի միջանցքը կը մնայ փակ: Սնունդի պաշարները սկսած են  սպառիլ, իսկ Ռուս խաղաղապահները վճռակամութիւն չեն ցուցաբերէր հեռացնելու համար «բնապահպանութեան» անուան տակ ճանապարհը փակած ատրպէյճանցիները: Հակառակ տիրող իրավիճակին Արցախի ժողովուրդը կը մնայ վճռական ու կը ցուցաբերէ անկոտրում կամք՝ կառչած մնալու իր հողին, հայրենիքին ու անկախութեան: Տասնեակ հազարաւոր հայորդիներ համախմբուելով Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ շատ յստակ պատգամ յղեցին ոչ միայն միջազգային հանրութեան, այլեւ Պաքուինն, հասկցնելով թէ, ոչ մէկ զիջում չսպասեն Արցախահայութենէն:

Միւս կողմէ, Երեւան իր հաստատած արտաքին դիւանագիտական կապերով կը փորձէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը միջազգայնացնել եւ Արցախի իշխանութիւնները դարձնել բանակցային կողմ: Այս ուղղութեամբ արդէն իսկ նկատելի է որոշ յառաջխաղացում: ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի անցեալ շաբաթ Հայաստանի հրաւէրով կայացած նիստը դիւանագիտական մեծ յաջողութիւն էր Հայկական կողմին համար: Ապահովութեան Խորհուրդի անդամ պետութիւններու ներկայացուցիչները, հակառակ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչի բողոքներուն, օգտագործեցին Լեռնային Ղարաբաղ անուանումը եւ ապա ատրպէյճանական կողմէն պահանջեցին վերականգնելու տեղւոյն բնակչութեան ազատ տեղաշարժի իրաւունքը: Բազմաթիւ երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու  կողմէ կը հնչեն նման կոչեր եւ Ատրպէյճանի հասցէին դատապարտումի խօսքեր:

Պաքուն բնականաբար զայրացած է այս բոլոր զարգացումներէն՝ կողմնակալութեան մէջ ամբաստանելով միջազգային կառոյցները, որոնք Հայանպաստ դիրքորոշում կ՛արտայայտեն:

Միւս կողմէ Երեւան երկու առիթներով մերժեց մասնակցիլ Ատրպէյճանի հետ հանդիպումներու: Առաջինը, Մոսկուայի մէջ Դեկտեմբեր 23-ին նախատեսուած Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարներուն հանդիպումն էր, սակայն հայկական կողմը խնդրեց յետաձգել զայն, քանի որ Հայաստանի արտաքին գործոց  նախարարին առաջնահերթութիւնը Լաչինի միջանցքի անխոչընդոտ գործարկումը եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական ճգնաժամին վերացումն է: Երկրորդը՝ Սան Փեթերպուրկի մէջ Փաշինեան-Փութին-Ալիեւ հանդիպում էր եւ որուն մասին ժամանակէ մը ի վեր կը խօսէր Ռուսական կողմը, այդ եւս չկայացաւ: Հայկական կողմը սկսած է համոզուիլ, որ նման հանդիպումներով Ալիեւ կը փորձէ Երեւանէն կորզել նոր զիջումներ՝ բանալու համար Լաչինի միջանցքը:

Հայկական դիւանագիտութիւնը ժամանակէ մը ասդին որդեգրած է այն դիրքորոշումը, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով բանակցող կողմը կը հանդիսանայ Արցախի ղեկավարութիւնը, որուն հետ պէտք է լուծել բոլոր հարցերը: Պաքու առայժմ կ՛ընդդիմանայ այդ գաղափարին: Սակայն, ժամանակի հարցը է եւ ուշ թէ կանուխ պիտի ստիպուի երթալ այդ ճանապարհով, եթէ արդէն իսկ այդ գործընթացը սկսած չէ՝ թէկուզ միջնորդաւորուած:

Երեւանի կողմէ դիրքերու այս կարծրացումը եւ Ռուսաստանի հասցէին հնչող հրապարակային մեղադրանքները, որոնք տեսանք Ազգային Ժողովէն ներս՝ իշխող կուսակցութեան պատգամաւորներուն կողմէ, իսկ վերջին օրերուն, Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի բերնով, երբ ան Հանրային Հեռատեսիլով յայտարարեց որ, Ռուսաստան կը ստիպէ Հայաստանին իր ինքնիշխան տարածքով միջանցք տրամադրել Ատրպէյճանին, ինչպէս նաեւ անդամակցիլ Ռուսիա-Պելառուսիա ձեւաւորուող միութենական պետութեան: Ան Լաչինի միջանցքի փակումը եւ նոյնիսկ Սեպտեմբերեան պատերազմը կապեց այդ ճնշումներուն հետ: Վարչապետ Փաշինեանի Փութինի ներկայութեան արտասանած խօսքը որ, «Այժմ կը ստացուի, որ Լաչինի միջանցքը չի գտնուիր Ռուս խաղաղապահներու վերահսկողութեան ներքոյ», եւս պէտք է դնել այդ ծիրէն ներս:

Այժմ հարց կը յառաջանայ թէ արդեօ±ք Հայաստան տեսնելով Ռուսաստանի եւ նախագահ Փութինի դիրքերու տկարացումը՝ Ուքրանիոյ մէջ անոր ձախողումներուն պատճառաւ, պահը եկած կը նկատէ աւելի կարծր դիրքորոշում որդեգրելու Մոսկուայի նկատմամբ, թէ կան այլ երաշխիքնե,« որոնց վրայ հիմնուելով է որ, Երեւան կ՛երթայ այս քայլին:

Յառաջիկայ օրերը յղի են նոր զարգացումներով:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment