Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ 44-Օրեայ Պատերազմին Ժամանակ Մարտունի Քաղաքի Ուղղութեամբ Արձակուած Հրթիռը Սպիտակ Ֆոսֆոր Պարունակող Ֆոսֆորային Ռազմամթերք Է

44-Օրեայ Պատերազմին Ժամանակ Մարտունի Քաղաքի Ուղղութեամբ Արձակուած Հրթիռը Սպիտակ Ֆոսֆոր Պարունակող Ֆոսֆորային Ռազմամթերք Է

by MassisPost

2020 թուականի Սեպտեմբեր 27-էն Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ Արցախի Հանրապետութեան դէմ սանձազերծուած` միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպիտ խախտումներով զուգորդուած պատերազմին հանգամանքները քննելու համար Արցախի Հանրապետութեան իրաւապահ մարմիններուն կողմէ յարուցուած են շարք մը քրէական գործեր, որոնց ծիրին մէջ նախաքննական մարմինին կողմէ առգրաւուած են բազմաթիւ չպայթած արկեր ու արկերու մնացորդներ, նշանակուած են փորձաքննութիւններ:

Արցախի Քննչական Կոմիտէի քննիչին կողմէ փորձաքննութեան ներկայացուած էր նաեւ Արցախի Մարտունի քաղաքի վարչական տարածքին մէջ յայտնաբերուած` չպայթած հրթիռը եւ անկէ ստացուած նմուշները: Անկախ փորձագիտական խումբին կողմէ կատարուած հետազօտութեան միջոցով տրուած եզրակացութեամբ (եզրակացութիւնը ստացուած է 07.12.2022-ին) փաստուած է, որ այն սպիտակ ֆոսֆորէ բաղկացած ֆոսֆորային ռազմամթերք է:

Ռազմամթերքի յայտնաբերման, վնասազերծման եւ նմուշառման ամբողջ գործընթացը կատարուած է մասնագէտներու մասնակցութեամբ, ամրագրուած տեսաձայնագրութեամբ, հետազօտութեան առարկան եւ փորձաքննութեան նիւթերը անհրաժեշտութեան պարագային կրնան ներկայացուիլ միջազգային փորձագէտներու հետազօտութեան:

Այսպիսով, փորձագիտական հետազօտութեան միջոցով հաստատուած է, որ 2020 թուակաիժնի 44-օրեայ պատերազմի օրերուն Ատրպէյճանի զինուած ուժերը զանգուածային ոչնչացման ու մարդկային մեծաթիւ կորուստի, տառապանքի ու վնասի յանգեցնող քիմիական զէնքով ուղիղ թիրախաւորած են այն բնակավայրերը, ուր կը գտնուէր խաղաղ բնակչութիւն (պատերազմի օրերուն ու անկէ յետոյ հրապարակուած էին քիմիական զէնքի կիրառութեան մասին վկայող շարք մը տեսանիւթեր): Այդ կերպ Ատրպէյճանը կոպտօրէն խախտած է Ժընեւի Ուխտի (Արձանագրութիւն 1) 35-րդ յօդուածը, համաձայն որուն`

«1. Որեւէ զինուած ընդհարման պարագային ընդհարման մէջ գտնուող կողմերու` պատերազմելու մեթոտներու եւ միջոցներու ընտրութեան իրաւունքը անսահմանափակ չէ:

  1. Կ’արգիլուի կիրառել այնպիսի զէնքեր, արկեր, նիւթեր, ինչպէս նաեւ պատերազմելու այնպիսի մեթոտներ, որոնք կրնան աւելորդ վնասներ կամ աւելորդ տառապանքներ պատճառել:
  2. Կ’արգիլուի կիրառել պատերազմելու այնպիսի մեթոտներ կամ միջոցներ, որոնք նպատակ ունին շրջակայ միջավայրին պատճառել, կամ, կարելի է ենթադրել, որ կը պատճառեն լայնածաւալ, տեւական եւ լուրջ վնաս»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment