Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Քիմ Քարտաշեանը, Շերը Եւ Այլ Յայտնիներ Յորդորած Են Գնել Հայկական Գրութիւններով Զարդերը Եւ Աջակցիլ Էջմիածնի Մայր Տաճարի Վերանորոգման

Քիմ Քարտաշեանը, Շերը Եւ Այլ Յայտնիներ Յորդորած Են Գնել Հայկական Գրութիւններով Զարդերը Եւ Աջակցիլ Էջմիածնի Մայր Տաճարի Վերանորոգման

by MassisPost

Աշխարհահռչակ ամերիկահայ հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեանը, հանրայայտ փոփ երգչուհի Շերը (Շերլին Սարգսեան), ամերիկաբնակ արտադրող Էրիք Էսրայէլեանը համացանցով կը դիմեն իրենց հետեւորդներուն` յորդորելով գնել հայկական գրութիւններով զարդերը եւ այդպէս աջակցիլ աշխարհի հինաւուրց տաճարներէն Էջմիածնի Մայր Տաճարի վերանորոգման աշխատանքներուն:

Քիմ Քարտաշեանը Ինսթակրամի «սթորի» բաժնին մէջ հոլովակ զետեղած է, ուր կը նշէ, որ միշտ ճանապարհներ կը փնտռէ Հայաստանին աջակցելու համար եւ իր հետեւորդներուն կը ներկայացնէ Metal Alchemist ապրանքանիշի «Հայր մեր», «Արարատ լեռ», «Սէր» եւ այլ գրութիւններով ապարանջաններն ու այլ զարդերը եւ կ’ըսէ, որ աշխարհի մէջ շատ պատմական վայրեր կան, սակայն ամենահինաւուրց տաճարները Հայաստանի մէջ են:

Ան կը յիշեցնէ, որ այդ տաճարներէն մէկուն մէջ տարիներ առաջ կնքած է իր երեխաները: Քարտաշեան կը տեղեկացնէ, որ տաճարը վերանորոգման փուլի մէջ է ու կ’ընդգծէ, որ ապարանջաններու վաճառքէն ստացուած եկամուտին հարիւր տոկոսը պիտի փոխանցուի տաճարի վերանորոգման աշխատանքներուն:

Շերը Ինսթակրամի իր պաշտօնական էջով լուսանկար մը հրապարակած է, որուն վրայ գրուած է, որ իր հայկական արմատները իր ինքնութեան հսկայական մասն են, եւ ինքը հպարտ է Էջմիածնի Մայր Տաճարի վերանորոգման աջակցելու համար կազմակերպուած նախաձեռնութեան մէկ մասը ըլլալու:

Ան եւս իր էջին զետեղած է ապարանջաններու լուսանկարները եւ  յիշեցուցած, որ Էջմիածնի Մայր Տաճարը աշխարհի հնագոյն տաճարներէն է: Երգչուհին նշած է, որ մենք չենք կրնար թոյլ տալ, որ նման հոգեւոր կեդրոնները ոչնչանան:

Հայոց Ցեղասպանութեան մասին հոլիվուտեան «Խոստումը» ֆիլմի արտադրող Էրիք Էսրայէլեան նոյնպէս միացած է արշաւին: Ան Ինսթակրամի իր պաշտօնական էջով գրած է, որ պիտի շարունակէ աջակցիլ Հայաստանին եւ Արցախին: Ան գրած է, որ Էջմիածնի Մայր Տաճարը երկրագունդի ամենահին տաճարներէն է: Ան շեշտած է, որ ե՛ւ Մայր Տաճարը, ե՛ւ Խոր Վիրապի վանական համալիրը շատ թանկ են իրեն համար: Արտադրողը շնորհակալութիւն յայտնած է բոլոր անոնց, որոնք պիտի աջակցին տաճարի վերանորոգման աշխատանքներուն:

Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի վերանորոգման աշխատանքները սկսած են 2017 թուականին եւ դեռ կը շարունակուին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment