Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ռուբինեան Պարզաբանեց, Թէ Ինչու Չեն Կրնար Ընդունիլ Ընդդիմութեան Ներկայացուցած Յայտարարութեան Նախագիծը

Ռուբինեան Պարզաբանեց, Թէ Ինչու Չեն Կրնար Ընդունիլ Ընդդիմութեան Ներկայացուցած Յայտարարութեան Նախագիծը

by MassisPost

Ազգային Ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան պարզաբանեց, թէ  ինչու խորհրդարանը չի կրնար ընդունիլ ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան ներկայացուցած յայտարարութեան նախագիծը, որ կ’առաջարկուէր ընդունիլ` ի պատասխան Ատրպէյճանի խորհրդարանի` Նոյեմբեր 8-ի յայտարարութեան:

Ռուբինեան նախ ներկայացուց Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան սկզբունքային կէտերը` նշելով, որ «Հայաստան» խմբակցութեան ներկայացուցած յայտարարութեան նախագիծը կը հակասէ այդ կէտերուն: «Մենք համարում ենք, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ունի միջազգայնօրէն ճանաչուած սահմաններ, ունի միջազգայնօրէն ճանաչուած տարածք, որի մի մասն բռնագրաւուած է Ատրպէյճանի կողմից, եւ ատրպէյճանական զօրքերը պէտք է անյապաղ ու առանց որեւէ նախապայմանների հետ քաշուեն այդտեղից: Մենք համարում ենք նաեւ, որ Արցախի ժողովրդի իրաւունքների ու անվտանգութեան հարցը պէտք է լուծում ստանայ, հակառակ դէպքում` դա նշանակում է Արցախի հայաթափում կամ Արցախի ժողովրդի ցեղասպանութիւն: Եւ երրորդ` մենք համարում ենք, որ այս հարցը կարող է լուծում ստանալ Պաքու-Ստեփանակերտ ուղիղ բանակցութիւնների միջոցով` միջազգային  մեխանիզմի մասնակցութեամբ: Եւ պատճառը, որ «Հայաստան» խմբակցութեան առաջարկած յայտարարութեան նախագծի որոշ կէտերի հետ համաձայն չենք, այն է, որ այդ յայտարարութիւնն ընդունելով` մենք կը հակասենք իմ նշած երեք կէտերին: Կարծում եմ, որ իմ նշած երեք կէտերը դուք չէք համարի դաւաճանական, թրքահաճոյ, թրքաբարոյ», ըսաւ Ռուբինեան:

Ազգային Ժողովի փոխնախագահը յիշեցուց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ելոյթը, որով եւս մէկ քաղաքական փոփոխութիւն կատարուած էր. այն է` ոչ թէ Արցախի կարգավիճակէն պէտք է բխեցնել Արցախի ժողովուրդին իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը, այլ հակառակը` Արցախի ժողովուրդին իրաւունքներուն ու անվտանգութեան ապահովման հրամայականն է առաջինը, որմէ պէտք է բխեցուի հնարաւոր կարգավիճակը:

«Սա եւս մէկ պատճառ, որ մենք որոշ կէտերի հետ խնդիրներ ունենք», եզրափակեց Ռուբինեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment