Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սուրէն Պապիկեան Շրջայց Կատարած Է «N» Զօրամիաւորման Զօրամասերուն Մէջ

Սուրէն Պապիկեան Շրջայց Կատարած Է «N» Զօրամիաւորման Զօրամասերուն Մէջ

by MassisPost

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան ՀՀ Զինուած Ուժերու Գլխաւոր Շտաբի պետ, պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Էտուարտ Ասրեանի եւ Լոռիի մարզպետ Արամ Խաչատրեանի ուղեկցութեամբ այցելած է «N» բանակային զօրամիաւորում: Զօրամասերէն մէկուն մէջ պաշտպանութեան նախարարը հանդիպած է յատուկ նշանակութեան եւ դեսանտագրոհային ստորաբաժանումներու զինուորներու հետ, հետաքրքրուած է ծառայութեան կազմակերպման ընթացքով, առկայ խնդիրներով, անձնակազմի հանդերձաւորման եւ հաստիքային սպառազինութեան հետ կապուած հարցերով:

Այնուհետեւ նախարարը հանդիպած ու զրուցած է ուսումնական գումարտակի ժամկէտային զինուորներուն հետ, յաջողութիւններ մաղթած է յառաջիկայ աւարտական քննութիւններուն առնչութեամբ:

Պատասխանելով զինուորները հետաքրքրող հարցումներուն` Պապիկեան ներկայացուցած է Զինուած Ուժերուն մէջ մեկնարկած բարեփոխումներու ընթացքին վերաբերեալ մանրամասնութիւններ:

Շրջայցի ընթացքին ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը յարգանքի տուրք մատուցած է 2020 թուականի պատերազմին անմահացած հերոսներու յիշատակին:

Այցի աւարտին ան ծանօթացած է զօրամասի տարածքին կառուցուող նոր զօրանոցի շինարարական աշխատանքներու ընթացքին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment