Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հեղինակաւոր «Ֆիկարօ»-ն Դեկտեմբերի Համարը Նուիրած Է Հայ Ժողովուրդի Պատմութեան. Հին Ժամանակներէն Մինչեւ 44-Օրեայ Պատերազմ

Հեղինակաւոր «Ֆիկարօ»-ն Դեկտեմբերի Համարը Նուիրած Է Հայ Ժողովուրդի Պատմութեան. Հին Ժամանակներէն Մինչեւ 44-Օրեայ Պատերազմ

by MassisPost

Ֆրանսական հեղինակաւոր «Ֆիկարօ» պարբերականը իր «Ֆիկարօ-պատմութիւն» ամսագրի Դեկտեմբերի համարը նուիրած է հայ ժողովուրդի պատմութեան: Ամսագրի շապիկին ֆրանսահայ յայտնի լուսանկարիչ Անթուան Ակուճեանի հեղինակած լուսանկարն է: Ամսագրի ամբողջ համարը վերնագրուած է «Հայաստան. Պատմութեան փորձութեան ենթարկուած ազգ. Ողբերգութիւն եւ յոյս»:

Ամսագրին մէջ անդրադարձ կը կատարուի Հայաստանի պատմութեան տարբեր էջերուն եւ դրուագներուն` հին ժամանակներէն մինչեւ մեր օրեր, հակամարտութիւններու պատմութեան, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի սանձազերծած պատերազմի հետեւանքներուն:

Ամսագրին մէջ տարբեր լուսանկարիչներու տարբեր ժամանակներու գործեր են, իսկ գրութեան հեղինակները ինչպէս հայ, այնպէս ալ օտարազգի հեղինակաւոր պատմաբաններ են: 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին կատարած անդրադարձին մէջ օգտագործուած են Անթուան Ակուճեանի լուսանկարները:

Բացի «Ֆիկարօ-պատմութիւն» ամսագրէն «Ֆիկարօ»-ն Նոյեմբերին իր ելեկտրոնային էջով անդրադարձ կատարած է նաեւ հայկական «Ողջ մնալու արուեստ» ռազմահայրենասիրական հասարակական կազմակերպութեան` կրկին Անթուան Ակուճեանի լուսանկարներով: Էլիզապէթ Փիերսոնի հեղինակմամբ ներկայացուած են հայկական այս կազմակերպութեան պարապմունքներէն դրուագներ, կազմակերպութեան նախագահ Վովա Վարդանովի հետ հարցազրոյց: Նկարահանումները կատարուած են բուն պարապմունքներու գործընթացին մէջ, որուն ներգրաւուած են տարբեր ոլորտներու բազմաթիւ ներկայացուցիչներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment