Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեան Եւ Ֆիլիփ Ռիքըր Քննարկած Են Ստեփանակերտի Եւ Պաքուի Միջեւ Քննարկումներու Միջազգային Մեխանիզմի Ձեւաւորման Վերաբերող Հարցեր

Նիկոլ Փաշինեան Եւ Ֆիլիփ Ռիքըր Քննարկած Են Ստեփանակերտի Եւ Պաքուի Միջեւ Քննարկումներու Միջազգային Մեխանիզմի Ձեւաւորման Վերաբերող Հարցեր

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի ԱՄՆ համանախագահ, Կովկասեան բանակցութիւններու հարցերով աւագ խորհրդական Ֆիլիփ Ռիքըրը:

Նիկոլ Փաշինեան ողջունած է անոր այցը տարածաշրջան եւ բարձր գնահատած է ԱՄՆ-ի դերը` որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի համանախագահ պետութիւն:

Զրուցակիցները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին, այդ շարքին` Ստեփանակերտի եւ Պաքուի միջեւ քննարկումներու միջազգային մեխանիզմի ձեւաւորման վերաբերող հարցեր:

Միտքեր փոխանակուած են Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման, տարածաշրջանային կայունութեան ու անվտանգութեան առնչուող այլ թեմաներու շուրջ:

Զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ հայ-ամերիկեան ռազմավարական երկխօսութեան շրջանակին մէջ համագործակցութեան վերաբերող հարցերու: Կարեւորուած է ԱՄՆ-ի շարունակական աջակցութիւնը` Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումներու արդիւնաւէտ իրականացման գործին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment