Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստան Կը Հրաժարի Կենսաբանական Ախտածիններու Տուեալները ԱՄՆ-ին Փոխանցելու Պարտադիր Պայմանէն

Հայաստան Կը Հրաժարի Կենսաբանական Ախտածիններու Տուեալները ԱՄՆ-ին Փոխանցելու Պարտադիր Պայմանէն

by MassisPost

Հայաստանի կառավարութիւնը ընդունեց որոշում մը, որով փոփոխութիւն մտցուց 2010 թուականին ՀՀ Արտակարգ Իրավիճակներու Նախարարութեան եւ ԱՄՆ Պաշտպանութեան Բաժանմունքին միջեւ ստորագրուած կենսաբանական զէնքերու ստեղծման համար օգտագործելի արհեստագիտութեան, ախտածիններու եւ փորձառութեան տարածման կանխարգելման ոլորտին մէջ համագործակցութեան մասին համաձայնագրին մէջ:

Ըստ ստորագրուած համաձայնագրին` հայկական կողմը պարտաւորուած էր ԱՄՆ Պաշտպանութեան Բաժանմունքին փոխանցել պահանջուած այն վտանգաւոր ախտածիններու նմուշները, որոնք հաւաքուած են Հայաստանի մէջ փրոֆիլակտիկ, պաշտպանական կամ այլ խաղաղ նպատակներով:

Այժմ կողմերը եկած են նոր համաձայնութեան, ըստ որուն` կը վերացուի պահանջուող վտանգաւոր ախտածիններու նմուշները ամերիկեան կողմին փոխանցելու պարտադիր բնոյթը` զայն դարձնելով հայեցողական եւ վերաբերելի միայն յարուցիչ պարունակող ախտաբանական նիւթին: Այսպիսով, Հայաստանը կը հրաժարի կենսաբանական ախտածիններու տուեալները ԱՄՆ-ին փոխանցելու պարտադիր պայմանէն:

Նախագիծը մշակուած է Արտակարգ Իրավիճակների Նախարարութեան կողմէ եւ կը բխի Հայաստանի վերափոխման` մինչեւ 2050 թուական ռազմավարութեան նպատակներէն:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment