Դեկտեմբեր 1-ին ԵԱՀԿ նախարարական 29-րդ համաժողովի շրջանակներուն մէջ ՀՀ արտաքին գործերու նախարարը հանդիպած է ԵՄ արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով Բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորէլին:
Զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնած են Հայաստան-Եւրոմիութիւն գործընկերութեան աշխոյժ զարգացման առնչութեամբ, միտքեր փոխանակած են երկկողմ օրակարգի ընդլայնման շուրջ:
Հանդիպման ընթացքին Արարատ Միրզոյեանի եւ Ժոզեփ Պորէլի ուշադրութեան կեդրոնին եղած են տարածաշրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան հարցերը:
Նախարար Միրզոյեան ընդգծած է Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու հայկական կողմին յանձնառութիւնը եւ բարձր գնահատած է այս ուղղութեամբ ԵՄ աջակցութիւնը: ՀՀ արտաքին գործերու նախարարը շեշտած է, որ Ատրպէյճանի ոչ-կառուցողական դիրքորոշումն ու առաւելապաշտական նկրտումները կը խոչընդոտեն խաղաղութեան հասնելու նպատակով գործադրուող ջանքերը եւ կը նպաստեն մագլցողութեան հաւանականութեան բարձրացման: Շեշտուած է ՀՀ ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ ատրպէյճանական յարձակումներու հետեւանքներու վերացման անհրաժեշտութիւնը:
Զրուցակիցները կարեւորած են ԵՄ դիտորդական առաքելութեան տեղակայումը Հայաստանի մէջ եւ քննարկած են անոր գործունէութեան վերաբերող հարցեր: