Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փութին Եւ Փաշինեան Խօսած Են Լեռնային Ղարաբաղի Մասին

Փութին Եւ Փաշինեան Խօսած Են Լեռնային Ղարաբաղի Մասին

by MassisPost

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ՀԱՊԿ գագաթաժողովի ընթացքին ըսած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակի կարգաւորման վերաբերեալ զրուցած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ:

«Մենք արդէն հակիրճ միտքեր փոխանակած ենք Հայաստանի վարչապետին հետ: Մեր երկկողմ հանդիպման ժամանակ, ի հարկէ, աւելի մանրամասն կը խօսինք այդ մասին», ըսած է Փութին։

Վլատիմիր Փութինին Օդակայանը Դիմաւորած Է Նիկոլ Փաշինեանը

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Երեւանի մէջ կայանալիք՝ Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան գագաթաժողովին մասնակցելու համար ժամանեց Երեւան: Օդանաւը Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ վայրէջք կատարելէ ետք զայն դիմաւորեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

Գագաթաժողովին մասնակցելու համար Երեւան ժամանած էին նաեւ Պելառուսիոյ, Ղազախստանի, Ղրղզստանի, Տաճիկստանի նախագահները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment