Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Իտալիոյ փոխվարչապետ, արտաքին գործերու նախարար Անթոնիօ Թայանիի հետ: Կողմերը անդրադարձած են բարձրաստիճան փոխայցելութիւններու իրականացման, միտքեր փոխանակած են երկու երկիրներու Արտաքին Գործերու Նախարարութիւններուն միջեւ քաղաքական խորհրդակցութիւններու կայացման վերաբերեալ: Կարեւորուած է առեւտրատնտեսական կապերու խորացման ու ներդրումներու խրախուսման նշանակութիւնը եւ մասնաւորապէս հայ-իտալական միջակառավարական յանձնաժողովի աշխատանքը:
«Հեռախօսազրոյցի ընթացքում անդրադարձ է կատարուել նաեւ տարածաշրջանային կայունութեանն ու անվտանգութեանը վերաբերող հարցերի: Նախարար Միրզոյեանն ընդգծել է, որ Ատրպէյճանի ոչ-կառուցողական եւ ուժի կամ ուժի սպառնալիքի կիրառմանը միտուած մօտեցումները խաթարում են տարածաշրջանում խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու ջանքերը: Հայաստանի եւ Իտալիայի արտաքին գործերի նախարարները քննարկել են նաեւ Հայաստանում տեղակայուած ԵՄ դիտորդական առաքելութեան գործունէութեան հետ կապուած հարցեր», կը նշուի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ: