Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Մէջ 9 Նախարար Ազատուած Է Պաշտօնէն

Արցախի Մէջ 9 Նախարար Ազատուած Է Պաշտօնէն

by MassisPost

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հրամանագրերով 9 նախարարներ ազատուած են պաշտօններէն:

Արցախի նախագահի պաշտօնական կայքէջին մէջ հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն`

Միքայէլ Հայրիյեանը ազատուած է առողջապահութեան նախարարի պաշտօնէն: Առողջապահութեան նախարարի պարտականութիւնները ժամանակաւոր վերապահուած են նախարարի տեղակալ Արթուր Օհանճանեանին:

Նորայր Մուսայէլեանը ազատուած է գիւղատնտեսութեան նախարարի պաշտօնէն: Գիւղատնտեսութեան նախարարի պարտականութիւնները ժամանակաւոր վերապահուած են նախարարի առաջին տեղակալ Տիգրան Առստամեանին:

Անահիտ Յակոբեանը ազատուած է կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնէն: Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի պարտականութիւնները ժամանակաւոր վերապահուած են նախարարի տեղակալ Յասմիկ Մինասեանին:

Արմինէ Պետրոսեանը ազատոած է ընկերային զարգացման եւ գաղթի նախարարի պաշտօնէն: Ընկերային զարգացման եւ գաղթի նախարարի պարտականութիւնները ժամանակաւոր վերապահուած են նախարարի առաջին տեղակալ Վահրամ Առաքելեանին:

Հայկ Խանումեանը ազատուած է տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարի պաշտօնէն: Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարի պարտականութիւնները ժամանակաւոր վերապահուած են նախարարի առաջին տեղակալ Վարդան Բեկլարեանին:

Ժիրայր Միրզոյեանը ազատուած է արդարադատութեան նախարարի պաշտօնէն եւ նշանակուած է արդարադատութեան նախարարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար:

Դաւիթ Բաբայեանը ազատուած է արտաքին գործերու նախարարի պաշտօնէն եւ նշանակուած է արտաքին գործերու նախարարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար:

Արամ Սարգսեանը ազատուած է քաղաքաշինութեան նախարարի պաշտօնէն եւ նշանակուած է քաղաքաշինութեան նախարարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար:

Վահրամ Պաղտասարեանը ազատուած է ելեւմուտքի եւ տնտեսութեան նախարարի պաշտօնէն եւ նշանակուած է ելեւմուտքի եւ տնտեսութեան նախարարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար:

Այլ մանրամասներ առայժմ չեն հաղորդուիր:

Արցախի կառավարութեան մէջ 11 նախարարութիւն կայ` բացի վերոյիշեալներէն նաեւ Պաշտպանութեան եւ Ներքին Գործերու նախարարութիւնները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment