Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ալիեւ Փարիզը Կը Մեղադրէ Ատրպէյճանի Դէմ Սադրանք Կազմակերպելու Մէջ

Ալիեւ Փարիզը Կը Մեղադրէ Ատրպէյճանի Դէմ Սադրանք Կազմակերպելու Մէջ

by MassisPost

Ֆրանքոֆոնի գագաթաժողովի ծիրին մէջ Ատրպէյճանի դէմ սադրանք կազմակերպուած է, որուն հեղինակը Ֆրանսան էր, յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը` ելոյթ ունենալով իր գլխաւորած «Ենի Ազէրպայճան» կուսակցութեան 30-ամեակին նուիրուած միջոցառման:

«Այդ սադրանքին հեղինակը Ֆրանսան էր, իսկ հիմա Ֆրանսան կը հովանաւորէ Հայաստանը: Անոնք միմեանց քոյրեր կ՛անուանեն, եւ այդ յատուկ կ՛ընդգծեն, չնայած կրպային նաեւ իրար եղբայրներ անուանել», հեգնած է Ալիեւը:

Ատրպէյճանի առաջնորդին խօսքերով` Ֆրանքոֆոնի գագաթաժողովը բանաձեւ փափաքած է ընդունիլ, որուն մէջ Ատրպէյճանի դէմ «իրականութեան չհամապատասխանող» ձեւակերպումներ կային:

«Բոլոր հակաատրպէյճանական թեզերը հեռացուած են մեր ընկերներու ջանքերուն շնորհիւ», ըսած է Ատրպէյճանի առաջնորդը` առանց յստակացնելու, թէ ինչ թեզերու մասին է խօսքը եւ որոնք են Պաքուին սատարած երկիրները:

Իլհամ Ալիեւը իր ծաւալուն ելոյթի ընթացքին անդրադարձած է նաեւ ՀԱՊԿ-ին, պնդած է, որ այդ կառոյցին մէջ Ատրպէյճանը աւելի շատ բարեկամ ունի, քան Հայաստանը: Ատրպէյճանի առաջնորդին խօսքերով` Երեւանը չէ յաջողած ռազմական այդ դաշինքը բացասաբար տրամադրել Պաքուի նկատմամբ, քանի որ կազմակերպութեան միւս անդամները չեն տրուած Երեւանի «սադրանքներուն»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment