Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ֆրանքոֆոնի Միջազգային Կազմակերպութեան Անդամները Իրենց Աջակցութիւնն Ու Համերաշխութիւնը Յայտնած Են Հայաստանին

Ֆրանքոֆոնի Միջազգային Կազմակերպութեան Անդամները Իրենց Աջակցութիւնն Ու Համերաշխութիւնը Յայտնած Են Հայաստանին

by MassisPost

Թունուզի Ճերպա քաղաքին մէջ կայացած Ֆրանքոֆոնի Միջազգային Կազմակերպութեան (ՖՄԿ) 18-րդ գագաթաժողովին,  Նոյեմբեր 20֊ին ընդունուած են շարք մը փաստաթուղթեր, այդ շարքին «ֆրանքոֆոն տիրոյթին մէջ ճգնաժամային իրավիճակներու, անոնց յաղթահարման եւ խաղաղութեան ամրապնդման վերաբերեալ»  բանաձեւը, որով անդամ-երկիրները իրենց աջակցութիւնն ու համերաշխութիւնը կը յայտնեն Հայաստանին:

Բանաձեւը, մասնաւորապէս, համերաշխութիւն կը յայտնէ Ֆրանքոֆոնի անդամ Հայաստանին հետ եւ այս ծիրին մէջ խորին մտահոգութիւն կը յայտնէ վերջերս տեղի ունեցած ռազմական գալցողութեան (Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան դէմ Ատրպէյճանի յարձակման), յատկապէս անոր հետեւանքով միջազգային իրաւունքի, տարածքային ամբողջականութեան եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի խախտումներուն առնչութեամբ:

Կազմակերպութիւնը կը քաջալերէ կողմերը, միջազգային գործընկերներու հետ համատեղ, խնդիրներու բանակցուած, խաղաղ եւ տեւական կարգաւորման ուղղութեամբ առաւելագոյն ջանքերը գործադրել` յարգելով միջազգային իրաւունքի, ներառեալ` տարածքային ամբողջականութեան եւ միջազգային սահմաններու անձեռնմխելիութեան սկզբունքները` համաձայն ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ կոչ կ’ընէ խստօրէն յարգելու զինադադարը:

Բանաձեւը կ’ընդգծէ նոր մագլցողութենէն խուսափելու կարեւորութիւնը եւ կոչ կ’ընէ լիարժէք իրականացնելու 2020-ի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութիւնը եւ կ’ողջունէ գործադրուող ջանքերը` Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ ու արդարացի կարգաւորման ուղղութեամբ:

Բանաձեւին մէջ անդրադարձ կայ նաեւ մարդասիրական խնդիրներուն: Կազմակերպութիւնը իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ լուծում չստացած մարդասիրական խնդիրներուն առնչութեամբ, մասնաւորապէս ռազմագերիներու եւ այլ պահուող անձերու, ինչպէս նաեւ անհետ կորսուած անձերու ճակատագրին վերաբերեալ:

ՖՄԿ-ն նաեւ մտահոգութիւն կը յայտնէ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման առնչութեամբ եւ իր աջակցութիւնը կը ցուցաբերէ Լեռնային Ղարաբաղ եւ յարակից տարածքներ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի առաքելութեան իրականացման:

Յաւելենք նաեւ, որ Ֆրանքոֆոնի Ճերպայի հռչակագրով կազմակերպութեան անդամ-երկիրները շնորհակալութիւն կը յայտնեն Հայաստանին Ֆրանքոֆոնի գագաթաժողովը վերջին չորս տարիներու ընթացքին նախագահելու համար եւ կը յայտնեն  իրենց համերաշխութիւնը Հայաստանին այն անվտանգային մարտահրաւէրներու ծիրին մէջ, որոնց երկիրը կ’առերեսուի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment