Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Միջազգային Խաղցողները Կը Ստորադասեն Արցախի Հարցը Եւ Նպաստաւոր Առաջարկներ Չեն Ներկայացներ. ԼՂ Նախագահ

Միջազգային Խաղցողները Կը Ստորադասեն Արցախի Հարցը Եւ Նպաստաւոր Առաջարկներ Չեն Ներկայացներ. ԼՂ Նախագահ

by MassisPost

«Մենք պէտք է մեր հասարակութեանը ներկայացնենք իրական պատկերը, եւ այդ իրականութեան մէջ մէկ-մէկ լինում են դառը ճշմարտութիւններ կամ այնպիսի թեմաներ, որը հաճելի չէ», Արցախի նախագահը Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մասին վերջին մէկուկէս ամսուան «դառն ճշմարտութիւններու» փակագիծերը բացաւ Արցախի Հանրային հեռուստաընկերութեան եթերով: Տարածաշրջանին մէջ Արցախի հարցնը այլեւս օրակարգային չէ: Գլխաւորը Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրն է:

«ԱՄՆ-ի աշխուժութիւնը խաղաղութեան պայմանագրի կամ ընդհանուր առմամբ Ատրպէյճան-Հայաստանի յարաբերութիւնների հետ կապուած, Եւրոպայի` Շարլ Միշէլի, Մաքրոնի, բազմաթիւ հանդիպումները կամ հեռախօսազանգերը Ատրպէյճանի ղեկավարի, նախագահի, կամ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի, մեզ համար պարզ է, չէ՞, որ այդ բոլոր խօսակցութիւնների, հանդիպումների հիմքում առաջին հերթին այսօր խաղաղութեան պայմանագիրն է` Հայաստան-Ատրպէյճան», ըսաւ Արայիկ Յարութիւնեանը:

Յարութիւնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը անցեալ շաբաթ Հայաստան կը գտնուէր, տարբեր բարձրաստիճան պաշտօնեաներու, այդ շարքին` Հայաստանի վարչապետին հետ հանդիպումներուն ընթացքին փորձած են պարզել, թէ ինչ կը բանակցին Արցախի հարցով:

Արեւմուտքը, որ աշխոյժ է Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան հաստատման գործով, կը ստորադասէ ղարաբաղեան խնդիրը, եւ նպաստաւոր առաջարկներ չի ներկայացներ, ըսաւ Արայիկ Յարութիւնեանը:

«Միջազգային խաղացողները, որոնք փորձում են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան այդ բանաձեւի կամ այմանագրի հետ կապուած իրենց ծառայութիւնները մատուցել, արցախեան խնդիրը ստորադասում են եւ, բաց պէտք է ասենք մեր հասարակութեանը, այդքան էլ նպաստաւոր առաջարկութիւններ չեն ներկայացնում», նշեց Արցախի նախագահը:

Չնայած խաղաղութեան պայմանագրի օրակարգը աշխուժօրէն յառաջ մղող հայկական կողմը Արցախի կարգավիճակի ու ինքնորոշման իրաւունքի մասին վերջին շրջանիր չի յիշատակեր, Արայիկ Յարութիւնեանը կը պնդէ, որ Արցախի ինքնորոշման հարցը իրենց գլխաւոր օրակարգն է, որմէ պիտի չշեղին:

«Մենք պայքարելու ենք Արցախի ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքի կարեւոր այդ կարգի շրջանակներում եւ պէտք է նաեւ հաստատենք, որ այն որեւէ կապ չունի տարածքային ամբողջականութեան հետ: Ի հարկէ, կայ նոյն ՄԱԿ-ի Կանոնադրութեան համապատասխան տարածքային ամբողջականութեան կարգ, որը այսօր քննարկւում է Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններում, բայց ազգերի ինքնորոշման իրաւունքը չի ստորադասւում, կամ տարածքային ամբողջականութիւնը գերակայ չէ ազգերի ինքնորոշման կարգի նկատմամբ», յայտնեց Արայիկ Յարութիւնեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment