Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարած է, որ կը քննարկուի Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան դիտորդները օգտագործելու հնարաւորութիւնը` Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բարենպաստ պայմաններ ստեղծելու համար:
«Հիմա կը քննարկուի Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան դիտորդներու օգտագործման հնարաւորութիւնը Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներու պայմանաւորուածութիւններու իրականացման բարենպաստ պայմաններ ստեղծելուն նպաստելու համար: Մասնաւորապէս, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմաններու սահմանազատման եւ ընդհանուր առմամբ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը, ներառեալ` համապատասխան պայմանագրի կնքումը», ըսած է Լաւրով:
Լաւրով նաեւ ընդգծած է Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան աջակցութեան կարեւորութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կարգաւորելու համար: