Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ֆրանսան Պատուիրակութիւն Պիտի Ուղարկէ Հայաստան` Ատրպէյճանի Յարձակման Հետեւանքով Ստեղծուած Իրավիճակը Գնահատելու Համար

Ֆրանսան Պատուիրակութիւն Պիտի Ուղարկէ Հայաստան` Ատրպէյճանի Յարձակման Հետեւանքով Ստեղծուած Իրավիճակը Գնահատելու Համար

by MassisPost

Ֆրանսական պատուիրակութիւն պիտի ուղարկուի Հայաստան` ստեղծուած սահմանային իրավիճակը գնահատելու համար:

Այս մասին յայտնած է Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Սեպասթիան Լեքորնուն` ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի հետ հանդիպման ընթացքին:

Ֆէյսպուքի իր էջով գրառմամբ Լեքորնուն տեղեկացուցած է, որ ընդունած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը:

«Մենք քննարկած ենք իրավիճակը Ատրպէյճանի հետ սահմանին, ուր ռազմական գործողութիւնները պէտք է աւարտին, եւ ատրպէյճանական ուժերը պէտք է վերադառնան իրենց ելման դիրքեր: Ես յայտարարած եմ Հայաստան ֆրանսական պատուիրակութիւն ուղարկելու մասին` իրավիճակը գնահատելու համար», նշած է Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment