Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սպիտակ Տան Մէջ Կայացած Է Գրիգորեան-Հաճիեւ Հանդիպում

Սպիտակ Տան Մէջ Կայացած Է Գրիգորեան-Հաճիեւ Հանդիպում

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիւանի նախաձեռնութեամբ Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի հանդիպումը:

«Կողմերը քննարկել են ԼՂ հիմնախնդրի երկարաժամկէտ խաղաղ կարգաւորման գործընթացը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանում խաղաղութեան հաստատման անհրաժեշտութիւնը: Կարեւորուել է վերջին յարձակման հետեւանքների վերացումը», ըսուած է Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի գրասենեակի հաղորդագրութեան մէջ:

Հանդիպման մասին Թուիթերով գրառում կատարած է նաեւ Ճէյք Սալիւանը:

«Ուղիղ եւ կառուցողական զրոյցի համար հիւրընկալած եմ Հիքմեթ Հաճիեւը եւ Արմէն Գրիգորեանը: Մենք քննարկած ենք հետագայ բռնութիւններէն խուսափելու եւ ժամանակին եւ կեդրոնացուած բանակցութիւններ վարելու կարեւորութիւնը: Մենք նաեւ յստակ քայլեր նախանշած ենք` կայուն եւ յարատեւ խաղաղութեան հասնելու համար», գրած է ԱՄՆ նախագահի Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդականը:

Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարի եւ Ատրպէյճանի նախագահի խորհրդականին միջեւ այս տարի երեք հանդիպում կայացած էր Պրիւքսէլի մէջ` Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի մասնակցութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment