Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Տելհին Կը Պնդէ, Որ Հայաստանը 260 Միլիոն Տոլարի Հնդկական Զէնք Գնած Է

Տելհին Կը Պնդէ, Որ Հայաստանը 260 Միլիոն Տոլարի Հնդկական Զէնք Գնած Է

by MassisPost

«Յառաջիկայ ամիսներուն Տելհին հնդկական արտադրութեան սպառազինութեան մեծ խմբաքանակ պիտի մատակարարէ Հայաստան», կը պնդէ Հնդկաստանի մէջ լոյս տեսնող ամենահեղինակաւոր անգլիալեզու գործարար պարբերականը` «Economic Times»-ը:

«Զինելով Հայաստանը» վերնագրուած յօդուածին մէջ հնդկական թերթը կը պնդէ, որ մատակարարուելիք սպառազինութեան շարքին պիտի ըլլան հակահրասայլային հրթիռներ, ինչպէս նաեւ համազարկային կրակի «Pinaka» կոչուող համակարգեր: Թերթին փոխանցմամբ` Երեւանի եւ Տելհիի միջեւ զէնքերու ձեռքբերման շուրջ պայմանագիրը ստորագրուած է այս ամիս:

Թէեւ Հնդկաստանի կառավարութեան մօտ կանգնած աղբիւրները «Economic Times»-ին խուսափած են մատնանշել մատակարարուող սպառազինութեան ընդհանուր արժէքը, պարբերականը կնքուած գործարքի ընդհանուր ֆինանսական ծաւալը կը գնահատէ շուրջ 260 միլիոն ամերիկեան տոլար: Գործարքի առանցքային կէտը, ի հարկէ, հնդկական արտադրութեան համազարկային կրակի համակարգերու վաճառքն է: Հնդկական թերթին փոխանցմամբ` այս գործարքով Հայաստանը կը դառնայ «Pinaka» համակարգերու առաջին օտարերկրեայ գնորդը:

Հայաստանի կողմէ «Pinaka» համակարգերու հնարաւոր ձեռքբերման մասին առաջին անգամ սկսան խօսիլ 2018 թուականի ամրան, երբ Հնդկաստան ժամանած հայկական ռազմական պատուիրակութիւնը ակնյայտ հետաքրութիւն ցուցաբերած էր այս զինատեսակին հանդէպ:

2018-ի Օգոստոսին այս մասին գրած էր «Times of India» թերթը` տեղեկացնելով, որ Հնդկաստանի մէջ գտնուող հայկական պատուիրակութիւնը անկէ մէկ ամիս առաջ այցելած էր Ռաճհաստան նահանգին մէջ գտնուող Փոխրանի ռազմավարժարան, ուր հայ զինուորականները հետեւած էին «Pinaka» համակարգերու կրակային վարժանքներուն: «Արդիւնքները գերազանց էին», թերթին փոխանցած էր Հնդկաստանի պաշտպանական արդիւնաբերութեան եւ հետազօտութիւններու վարչութեան ղեկավարներէն մէկը:

Բաց աղբիւրներուն մէջ առկայ տեղեկատուութեան համաձայն` «Pinaka» համակարգերը հնդկական բանակի զինանոցին մէջ յայտնուած են 2000-ականներու սկիզբը` փոխարինելով խորհրդային արտադրութեան հրետանային միջոցները` մասնաւորաբար «Կրատ» կայանքները: Հնդկական աղբիւրներուն փոխանցմամբ` Հայաստանին վաճառուած համակարգերու հեռահարութիւնը կը հասնի 60 քիլոմեթրի, անոնցմէ իւրաքանչիւրը ի վիճակի է 44 վարկեանի մէջ 12 հրթիռ արձակելու, նախատեսուած է հակառակորդին անձնակազմը, ծանր տեխնիկան, ինչպէս նաեւ հրամանատարական կէտերը ոչնչացնելու համար:

«Թէեւ սա բաւական համեստ պատուէր է` շուրջ 260 միլիոն ամերիկեան տոլար, բայց կարեւոր է այն հանգամանքը, որ զէնքն ու ռազմամթերքը Հայաստանին կը վաճառուին ընթացիկ հակամարտութեան պայմաններուն մէջ: Բացի այդ, սա «Pinaka» հրթիռային համակարգերու արտահանման առաջին դէպքն է, ինչ որ կարելի է շրջադարձային կէտ համարել: Այդ կը վկայէ այս զինատեսակի որակական յատկանիշերու մասին: Բացի այդ, այն հանգամանքը, որ մէկ այլ պետութեան հետ հակամարտութեան մէջ գտնուող երկիրը այս զէնքը կը պատուիրէ, արդէն իսկ խօսուն է», հնդկական «India Today» հեռուստաալիքի եթերին կը յայտարարէր ռազմական փորձագէտ Շիւ Արուրը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment