Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊՆ-ն Ի Վիճակի Է Ապահովելու Բանակին Կարիքները. Նախարարը Կը Յորդորէ Զինուորականներուն Համար Աջակցութիւն Չհաւաքել

ՊՆ-ն Ի Վիճակի Է Ապահովելու Բանակին Կարիքները. Նախարարը Կը Յորդորէ Զինուորականներուն Համար Աջակցութիւն Չհաւաքել

by MassisPost

Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան քաղաքացիներուն կը յորդորէ զինուորականներուն համար զրահաբաճկոններ, սնունդ, հագուստ եւ այլ պարագաներ հաւաքելու նախաձեռնութիւններ չընել:  Պապիկեան այս մասին ըսաւ Ազգային Ժողովին մէջ կառավարութեան անդամներուն հետ հարցուպատասխանին` անդրադառնալով Ազգային Ժողովի նախագահի հարցումին:

Ալէն Սիմոնեան նկատեց, որ համացանցին մէջ տարբեր յայտարարութիւններ, տեսանիւթեր կը շրջանառուին, որ մարդիկ ինչ-որ բաներ կը հաւաքեն, զրահաբաճկոններու մասին կը խօսին: Ազգային Ժողովի նախագահը հետաքրքրուեցաւ, թէ արդեօք այս պահին նման բանի կարիք կա՞յ:

«Հայաստանի ՊՆ-ն ի վիճակի է ապահովել մեր բանակի կարիքները: Այս փուլում, երբ յայտարարուած չէ որեւէ զօրաշարժ, մենք որեւէ խնդիր չունենք` ապահովելու մեր անձնակազմին: Խնդրում եմ ինքնագործունէութեամբ չզբաղուել, եթէ կայ մեծ ցանկութիւն` աջակցել, ինչ-որ բանով օգնել մեր բանակին, կապուել պատկան մարմինների հետ: Ես յանձնարարել եմ ՊՆ մամուլի խօսնակին` հարթակ, հնարաւորութիւն ստեղծել, որ մարդիկ կապուեն իր հետ, հնարաւորութեան պարագայում իրենց բարոյական աջակցութիւնը յայտնել, եթէ կարիք կը լինի այլ հարցերով համագործակցել, մենք պատրաստ ենք համագործակցել, սակայն միայն մեզ անհրաժեշտ հարցերի շուրջ», ըսաւ Պապիկեան:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց այդ պատրաստակամութեան, աջակցութեան համար, սակայն միեւնոյն ժամանակ նշեց, որ այդ աջակցութեան նախաձեռնութիւնները յաճախ կը նուազեցնեն բանակին վարկը, այսպիսով խնդրեց ձեռնպահ մնալ նմանատիպ ինքնագործունէութենէ:

Ազգային Ժողովի նախագահը նշեց, որ այսպիսով կարելի է արձանագրել, որ այս պահի դրութեամբ զրահաբաճկոնի, վրաններու, սնունդի, հագուստի կարիք զինուորականները չունին: Եթէ կ’ուզեն ինչ-որ բանով օգնել, պէտք է դիմեն Պաշտպանութեան Նախարարութեան:

Պապիկեան ըսաւ, որ բոլոր անհրաժեշտ պարագաները նախարարութիւնը ձեռք կը բերէ:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment