Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Երեւանի Աւագանիի Ընտրութիւններուն Եւրոպական Կուսակցութեան Թեկնածուն Ռուբէն Հախվերտեանն Է

Երեւանի Աւագանիի Ընտրութիւններուն Եւրոպական Կուսակցութեան Թեկնածուն Ռուբէն Հախվերտեանն Է

by MassisPost

Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն Հայաստանի Եւրոպական կուսակցութեան թեկնածուն է Ռուբէն Հախվերտեանը, յայտարարածէ կուսակցութեան նախագահ Տիգրան Խզմալեանը:

Երեւանի աւագանիի ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան մէկ տարի յետոյ` 2023-ի աշնան, յստակ ամսաթիւ յայտնի չէ:

Իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր»ը դեռ այս տարուան Մարտին յայտարարած է, որ իրենց թեկնածուն նախկին փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանն է:

Մամուլին մէջ հրապարակումներ կան, որ ընդդիմութեան թեկնածուն ալ կրնան ըլլալ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի կրտսեր որդին` Լեւոն Քոչարեանը: Վերջինս «Ազատութեան» հետ զրոյցին ըսած էր, որ ոչինչ կը բացառէ, սակայն այդ հարցով որոշում դեռ չունին:

Նախկին քաղաքապետ Հայկ Մարութեանն ալ օրերս յայտնեց, որ ներկայացում պիտի բեմադրէ, կը վերադառնայ թատրոնի՞, թէ՞ նաեւ քաղաքական բեմ, հարցին պատասխանը խոստացած է տալ Սունդուկեանի բեմէն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment